ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Չորեքշաբթի, Մարտ 20ին, արուեստագիտուհի եւ հեղինակ դոկտ. Ռոզմերի Յարութիւնեան-Քոհեն այցելեց Ս. Գրիգոր Լուաւորիչ եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ. Յովսէփեանի միջնակարգի աշակերտները եւ հաճելի աշխատանիստ մը ունեցաւ անոնց հետ։ Դոկտ. Ռոզմերի հեղինակն է Ցեղասպանութեան թեմայով երկու գիրքերու՝ «The Survivor» եւ «The Mother of Jerusalem is Crying», իսկ վերջերս հրատարակած է իր առաջին մանկապատանեկան հեքիաթը՝ «Anoush. Daughter of King Shen»ը, որ արդարութեան եւ ներողամտութեան թեմաներով հայկական հեքիաթ մըն է՝ հեղինակին պատմուած իր մօր կողմէն։ Ը. կարգի աշակերտները, իրենց հայերէնի դասատուին՝ Լիզա Մանոյեանի առաջնորդութեամբ, թարգմանած էին սոյն գիրքը, եւ հեղինակին այցելութեան օրը, գիրքին կարեւոր բաժինները ներկայացուցին թատերախաղի ձեւով։
Հեղինակը իրապէս ազդուած էր աշակերտներուն տարած աշխատանքէն: Ան նախ աշակերտներուն փոխանցեց պատմասացութեան կարեւորութիւնը եւ զայն գրի առնելու անհրաժեշտութիւնը՝ ապահովելով անոնց փոխանցումը յաջորդ սերունդներուն, եւ ապա բացատրութիւններ տուաւ իր գիրքին մէջ տեղ գտած գծագրութիւններուն մասին, զորս ի՛նք գծած է մետաքսեայ կերպասներու վրայ։ Աշակերտները հիացան այս աշխատանքներուն վրայ, երբ հեղինակը ցուցադրեց իսկական նմոյշները եւ մանրամասն տեղեկութիւն տուաւ նմանօրինակ աշխատանք մը իրագործելու համար։
Ապա, արուեստագիտուհին աշակերտներուն յանձնեց մետաքսեայ կերպասներ եւ աշակերտները փորձեցին ներկել անոնց վրայ՝ հետեւելով արուեստագիտուհիին ցուցմունքներուն։ Հիանալի փորձառութիւն մըն էր մեր աշակերտութեան համար հանդիպիլ նման ազնիւ արուեստագիտուհիի եւ հեղինակի մը եւ ունենալ օգտաշատ աշխատանիստ մը։
Ապրիլ ամիսը Ցեղասպանութեան ոգեկոչման ամիս ըլլալու կողքին, նաեւ վերածնունդի եւ մեր գոյութիւնը փաստելու ամիս մըն է։ Ապրիլեան ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրէն ներս, Ը. եւ Է. կարգերու աշակերտներուն համար սովորութիւն դարձած Բանաստեղծութեան երեկոն տեղի ունեցաւ Ապրիլ 19ին, վարժարանիս «Գալուստեան-Տունաեանց» սրահէն ներս։ Սոյն ձեռնարկին, աշակերտները արտասանեցին իրենց հեղինակած բանաստեղծութիւնները՝ տնօրէն Շահէ Մանկրեանի առաջնորդութեամբ։ Է. կարգի աշակերտները խումբով արտասանեցին Հրաչեայ Յովհաննէսեանի «Հայրենի Սրինգը», իսկ Ը. կարգի աշակերտները՝ Գէորգ Էմինի «Մենք»ը։ Սոյն ձեռնարկին նաեւ իրենց մասնակցութիւնը բերին մեր վարժարանի նախկին շրջանաւարտներէն հինգ աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք իրենց տնօրէնի հրաւէրին անսալով ու այցելելով իրենց սիրելի վարժարանը՝ անգամ մը եւս առիթը ունեցան մասնակցելու սոյն միջոցառումին։
Այս տարի նաեւ հաճելի էր ունկնդրել մեր վարժարանի անձնակազմէն երկու տիկիններու ասմունքները։ Համակարգիչի բաժանմունքի պատասխանատու Ճեմմա Կեցցոյեան ասմունքեց Գէորգ Էմինի «Սասունցիներու Պարը» եւ Ուիլեըմ Սարոյեանի «Հայն ու Հայը» բանաստեղծութիւնը, իսկ մարզիչ Վարսեր Մարկարեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Քէլէ Լաօ»ն եւ Յովհաննէս Շիրազի «Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ն։ Երեկոն աւելիով ճոխացաւ «Armenian Public Radio» նուագախումբի ելոյթով, որուն անդամները արդիական մշակումով ներկայացուցին աշուղական եւ ժողովրդական երգերու ծաղկեփունջ մը՝ վառ պահելով մեր հարուստ մշակոյթը եւ փոխանցելով զայն մեր ապագայ սերունդին։
Այլ հաճելի սովորութիւն մը դարձած է մեր նախակրթարանի աշակերտներուն համար, իրենց տարեկան այցելութիւնը «Արարատ տան» տարեցներուն եւ անոնց համար պատրաստուած գեղարուեստական յայտագիրի մը ներկայացումը։ Երկու յաջորդական շաբաթներով, Բ.-Ե. կարգի աշակերտները հանդիպում ունեցան Իկըլ Ռաքի «Արարատ տան» մէջ բնակութիւն հաստատած տարեցներուն հետ։ Տարեց մամիկներն ու պապիկները յայտնեցին, որ անհամբեր կը սպասեն սոյն հանդիպումներուն, որպէսզի վայելեն հայերէն լեզուով ներկայացուած յայտագիրը եւ առիթը ունենան աշակերտներուն հետ զրուցելու։ Սոյն այցելութիւններուն ընթացքին աշակերտները, հայերէնի դասատուներուն՝ Լիզա Մանոյեանի, Ցոլինէ Գէորգեանի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի Էլմիրա Սիմոնեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուցին գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ կ՛ընդգրկէր ասմումք, երգ եւ նուագ։ Մեր աշակերտները հոգեկան բարձր գոհունակութեամբ գօտեպնդուած վերադարձան եւ ուրախութեամբ արտայայտուեցան, թէ այդ օրը, իրենց այցելութեամբ կրցած են մամիկներուն եւ պապիկներուն գունաւոր եւ հաճելի պահեր տրամադրել:
Ապրիլ 23ին, մեր միջնակարգի աշակերտներուն հետ հանդիպում ունեցան արուեստագէտներ Արա Օշականն ու Էրիք Նազարեանը։ Առաջինը աշակերտներուն փոխանցեց վերջերս Շուշիի մէջ տեղի ունեցած արուետի փառատօնին իր բերած մասնակցութիւնը՝ ցուցադրելով սահիկներ, եւ բացատրեց, թէ իր լուսանկարներուն ընդմէջէն փորձած է սատարել Շուշիի վերաբնակեցման եւ վերակենդանացման աշխատանքին: Ան նաեւ աշակերտներուն հետ զրուցելով՝ կարծիքներ փոխանակեց Պատմական Հայաստանի գրաւուած հողերուն մասին։ Արան նաեւ ցուցադրեց իր «I witness Genocide Project» ծրագիրին մէջ համախմբուած վերապրողներէն նկարներ ու անոնց վկայութիւնները փոխանցելով՝ խօսեցաւ նմանօրինակ վաւերագրական աշխատանքի մը անհրաժեշտութեան մասին։
Իր կարգին, Էրիք Նազարեան աշակերտներուն ներկայացուց «Ravished Armenia» շարժապատկերէն փրկուած պատառիկներ եւ աշակերտներուն փոխանցեց սոյն կարեւոր շարժապատկերին մասին գիտելիքներ։ Ան նաեւ անոնց ուշադրութեան յանձնեց մեր Ցեղասպանութեան վաւերագրական պատմութիւններուն հրատարակութեան եւ իբրեւ արխիւ անոնց պահպանման եւ ներկայացման անհրաժեշտութիւնը։
Երկուշաբթի, Մայիս 6ին, միջնակարգի աշակերտներուն այցելեց Շամլեան Ազգ. վարժարանի Ը. կարգի աշակերտ Սեպուհ Օշականը։ Սեպուհը աշակերտներուն խօսեցաւ Արարատ լեռ մագլցելու իր փորձառութեան մասին։ Ան լուսանկարներ ցուցադրելով՝ խօսեցաւ իր արկածախնդրութեան մասին եւ փոխանցեց աշակերտներուն իր ունեցած ապրումները, երբ նման երազ մը իրականացուց։ Սեպուհը ըսաւ. «Երբ առիթը ներկայացուեցաւ ինծի Արարատը մագլցելու, նախ տատամսեցայ, բայց երբ պատկերացուցի մօրս ու հօրս հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը, երբ իրագործէի նման քայլ մը՝ առանց երկմտանքի ընդունեցի մեր բարեկամներուն հրաւէրը՝ իրենց հետ մագլցելու մեր լեռը»։ Մեր աշակերտները նաեւ զրուցեցին Սեպուհին հետ եւ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան անոր տուած բոլոր տեղեկութիւններուն։
Ինչպէս ամէն տարեշրջան, այս տարի եւս մեր միջնակարգէն խումբ մը աշակերտներ՝ առաջնորդութեամբ գիտութեան ուսուցչուհի Աննա Փաթաթանեան-Ապէկեանի, մասնակցեցան Ամերիկահայ ճարտարապետներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան կազմակերպած գիտական մրցանքին, ներկայացնելով տարուան ընթացքին գիտութեան տարբեր մարզերու մէջ իրենց կատարած աշխատանքները։
Կենսաբանական բաժանմունքէն ներս առաջին հանդիսացաւ Զ. կարգի աշակերտուհի Քաթիա Խանլեանը, բնագիտական բաժանմունքէն ներս՝ Է. կարգի աշակերտ Տանիէլ Եագուպեանը, իսկ նոյն բաժանմունքէն ներս պատուոյ յիշատակութեան արժանացաւ Ը. կարգի աշակերտ Ծովակ Տատուրեանը։ Նոյն ընկերակցութեան կողմէ մեր վարժարանի գիտութեան ուսուցչուհի Աննա Փաթաթանեան-Ապէկեանը արժանացաւ «Տարուան ուսուցչուհի» մրցանակին։
Վարձքը կատար մեր սիրելի աշակերտներուն եւ իրենց առաջնորդ ուսուցչուհիին, որ աշակերտներուն մօտ հետաքրքրութիւն կ՛արթնցնէ գիտական նիւթերու հանդէպ։ Սոյն մրցանքին մասնակցող աշակերտները նաեւ մասնակցեցան Լոս Անճելըս գաւառի գիտական մրցանքին եւ վերոյիշեալ Է. կարգի աշակերտ Տանիէլ Եագուպեանը հանդիսացաւ երկրորդ՝ բնագիտական բաժանմունքէն ներս իր կատարած գիտական աշխատանքին համար։ Նորանոր յաջողութիւններ կը մաղթենք մեր աշակերտներուն եւ ուսուցչակազմին։
(Թղթակցութիւնը՝
Վարժարանէն)