ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը 22 Մայիսին գացած է Արմաւիրի մարզ, այցելած է Արշալոյս գիւղի մերձակայքը գտնուող հակակարկտային կայանը: Վարչապետը Հայաստանի արտակարգ իրավիճակներու նախարարութեան (ԱԻՆ) մասնագէտներուն փոխանցած է գիւղացիներուն մտահոգութիւնը, որ կարկուտի օրը կայանները չեն աշխատած, եւ անոնք արդիւնաւէտ չեն: ԱԻՆի մասնագէտները Տիգրան Սարգսեանին հաւաստիացուցած են, որ անոնք արդիւնաւէտ են: Սակայն մարզին մէջ կան կայաններ, որոնք չեն գործած կարկուտին օրը, քանի որ անոնք համայնքային սեփականութիւն են եւ միացուած չեն ընդհանուր համակարգին:
Վարչապետը յանձնարարած է Արմաւիրի մարզպետին՝ անյապաղ միջոցներու ձեռնարկելու համայնքային կայանները ԱԻ նախարարութեան շահագործման յանձնելու համար, որպէսզի նման դէպքեր այլեւս չկրկնուին:
Վարչապետ Սարգսեան աշխատանքային խորհրդակցութիւն ունեցած է գիւղացիական տնտեսութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Խորհրդակցութեան աւարտին Տիգրան Սարգսեան տնտեսական եւ ընկերային ծանր վիճակ դիմագրաւող երկրագործներուն հետ անհատական կարգով քննարկած է վերջիններուն խնդիրները եւ խոստացած, որ անոնց լուծման ուղղութեամբ գործողութիւններուն ինք անձամբ պիտի հետեւի։
Ուշ երեկոյեան աւարտած խորհրդակցութեան իբրեւ արդիւնք որոշուած է.
– կարկուտէն տուժած 46 համայնքներու բնակիչները հողահարկ չեն վճարեր, իսկ մասնակի տուժած համայնքներու պարագային՝ հողահարկի 50 տոկոսը պիտի վճարէ պետութիւնը.
– նոյն սկզբունքը պիտի գործէ նաեւ ջուրի վճարումներու պարագային.
– գիւղացիներուն պիտի տրամադրուի սերմնացու, պարարտանիւթ եւ վառելանիւթ.
– իւրաքանչիւր գիւղացիի նկատմամբ պիտի ցուցաբերուի անհատական մօտեցում, վարկեր առած գիւղացիներուն վարկերուն եւ անոնց տոկոսներուն գծով, ըստ անհրաժեշտութեան եւ իրավիճակի, որոշ ժամկէտով անոնք պիտի սառեցուին.
– գիւղացիներուն տոլարով վարկերը պիտի փոխարինուին դրամով՝ պետութեան յատկացումով.
– վարչապետին յանձնարարականով մարզի բոլոր գիւղերուն մէջ պիտի տեղադրուին հակակարկտային կայաններ, որոնք պիտի ղեկավարուին մէկ կեդրոնէ.
– վարչապետին յանձնարարականով ընկերային յատկապէս ծանր խնդիրներ ունեցող գիւղացիներուն պիտի տրուին դրամական օժանդակութիւն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.