
Շարլ Ազնաւուր ծնած է 1924, Մայիս 22ին, Փարիզ:
Սկզբնական շրջանին Ազնաւուր իբրեւ երգիչ հանդէս եկած է երգահան Փիեռ Ռոշի հետ: Երբ Էտիթ Փիաֆ կը նկատէ անոնց կատարումը, Ազնաւուրն ու Ռոշը կը հրաւիրէ մասնակցիլու իր 1964ին կայացած Ֆրանսիայի եւ ԱՄՆի մէջ շրջագայութեան: Այդ ժամանակաշրջանին է, որ Ազնաւուր կը սկսի իր երգիչի ասպարէզին: Իր ստեղծագործական ասպարէզին ընթացքին Ազնաւուր ստեղծած է աւելի քան հազար երգ, որոնցմէ շատերը կատարած են Ռէյ Չարլզը, Լայզա Մինելլին, Պապ Տիլընը, Խուլիօ Իկլեսիասը:
Ազնաւուր հանդէս եկած է Ֆրանք Սինաթրայի, Սելին Տիոնի, Լուչիանօ Փաւարոթիի, Փլասիտօ Տոմինկոյի, Փաթրիսիա Քաասի, Լայզա Մինելլիի եւ այլոց հետ:
Ազնաւուր մեծ ներդրում ունեցած է Հայաստանի այն քաղաքներու վերականգնման գործին մէջ, որոնք տուժած էին 1988ի երկրաշարժէն:
2009էն ի վեր Ազնաւուր Զուիզերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանն է եւ Հայաստանի մմնայուն ներկայացուցիչը՝ ՄԱԿի գրասենեակէն ներս: 2008էն ի վեր ան Հայաստանի քաղաքացի է: