Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Ինչպէս օրին գրած էինք, ամերիկահայ գրագէտ Քրիս Պոհճալեանի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» անուն վէպը մեծ համբաւ բերած էր հեղինակին ու դարձած էր Ամերիկայի մէջ ամէնէն շատ ընթերցուած գիրքերէն մէկը։ «Նիւ Եորք Թայմզ» հեղինակաւոր թերթը այս վէպը ներառած էր «պեսթսելլըր»ներու ցանկին մէջ, իսկ շոու աշխարհի յայտնի աստղ Օփրահ Ուինֆրի «Աւազէ ամրոցի աղջիկները» ընտրած էր որպէս շաբթուան գիրք։
Քրիս Պոհճալեան այս օրերուն Պոլիս կը գտնուի եւ «Անատոլու Քիւլթիւր» կեդրոնի նախաձեռնութեամբ ու «Վէպի մը ետին կանգնած պատմութիւն»ը կարգախօսին ներքեւ իրեն հետ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ «Թիւթիւն Տեփոսու»ի մէջ։ Պոհճալեանի վէպի առանցքը կը կազմէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պատմութիւնը զոյգի մը, որ սիրահարած էր իրարու եւ տարիներ վերջ այդ պատմութիւնը զուգահեռներով կը միանար իրենց թոռներու պատմութեան հետ՝ Ամերիկայի մէջ։
«Երէկուան զրոյց-հանդիպումը տեղի ունեցաւ անգլերէն լեզուով եւ թրքերէնի թարգմանութիւն չկատարուեցաւ։ Զրուցավարն էր Ամերիկայի «Արմինիըն Ուիքլի» պարբերականի խմբագիր Խաչիկ Մուրատեան։ Բացման խօսքը արտասանեց «Անատոլու Քիւլթիւր»ի ղեկավար Օսման Քավալա եւ օրուան հիւրերը ծանօթացնելով, խօսափողը յանձնեց անոնց։
Խաչիկ Մուրատեան նախ հարցում ուղղեց այն մասին, թէ Քրիս Պոհճալեան ինչպէ՞ս եւ ուր մտայղացումը ունեցած էր գրելու իր վէպը։ Հեղինակը ըսաւ, որ վէպը սկսած էր գրելու տարիներ առաջ, սակայն միջոց մը դադար տուած էր իր այդ աշխատանքին։ 2010ին Խաչիկ Մուրատեանի քաջալերութեամբ շարունակած էր գրել ու վերջացնել գրական իր ստեղծագործութիւնը։ Պոհճալեան պատմեց իր նախնիներու, մեծմօր ու մեծհօր մասին, որոնք երկուքն ալ ազատած էին Ցեղասպանութենէն, խօսեցաւ իր բազմաթիւ ազգականներուն մասին, որոնք սպաննուած էին ջարդի օրերուն, աւելցուց նաեւ որ ընտանիքի անդամները յաջողած էին փրկուիլ ու հաստատուիլ Փարիզ», կը պատմէ «Մարմարա»։
Խաչիկ Մուրատեանի հարցումին, թէ ան հարիւր տարի վերջ ի՞նչ զգացումներով եկած է Պոլիս, Պոհճալեան պատասխանած է՝ ըսելով, որ եթէ նոյնիսկ հարիւր տարի եւս անցնի, եթէ նոյնիսկ գաղթողներ համարկուին իրենց նոր երկիրներուն հետ, եթէ նոյնիսկ մոռնան իրենց լեզուն, օտար լեզուով գրեն ու կարդան, միեւնոյնն է. անոնց ծիներու մէջ Պոլիսը կայ։
«Պոհճալեան ըսաւ, որ հիանալի զգացում է գտնուիլ Իսթանպուլի մէջ։ Ան որպէս վկայութիւն ցոյց տուաւ սրահի պատերը զարդարող Տիլտիլեաններու լուսանկարները եւ խնդրեց, որ ներկաներ ծափահարեն Տիլտիլեան ընտանիքին համար։
Զրոյցի վերջին բաժինին մէջ զրուցավարն ու հեղինակը խօսեցան 1915ի պայմաններու, անցուդարձերու, Անատոլուի վիճակի, թուրք զինուորներու հոգեվիճակի, այսօրուան եւ 100 տարի առաջուան միջեւ առկայ տարբերութիւններու մասին», կը փոխանցէ «Մարմարա»։
Ըստ «Մարմարա»ի՝ Պոհճալեան ըսած է, որ վէպը գրելու համար երկար ու տքնաջան հետազօտութիւններ կատարած է, գիրքի հրատարակութենէն ետք աշխարհի ամէն անկիւնէն հազարաւոր մեկնաբանութիւններ կատարուած էին վէպի մասին, շատեր գրած էին, թէ այս վէպը իրենց պատմութեան անծանօթ էջերն ու երեսակներն է, որ ի լոյս կը բերէ, մեծ ուրախութիւն պատճառելով հեղինակին։
Պոհճալեան նշած է, որ գիրքի հրատարակութենէն ետք Երեւան գացած էր ու Հայաստանի հողերուն վրայ ոտք կոխելով, փափաքած էր ճշդել իր զգացումները: «Բայց Երեւանի մէջ կեցութեան հինգ օրերուն ընթացքին աննպաստ օդ կար, Արարատն ալ թաղուած էր մշուշներու մէջ։ Վերադարձին, երբ օդակայանի մէջ կը սպասէր թռիչքի ժամուն, ամպերը յանկարծ քաշուած էին ու Արարատը իր ամբողջ շքեղութեամբ ու վեհութեամբ պարզուած էր իր աչքերուն առջեւ։ Չէր կրցած զսպել արցունքները ու 100 տարուան անցեալը կարծես թէ հոսած էր արցունքներուն ընդմէջէն, պատմեց Պոհճալեան՝ ըսելով, որ այս վէպը գիրքէ մը աւելի, առաքելութեան հանգամանք ունի իրեն համար ու ամենալաւ գործն է, զոր ըրած է իր կեանքին մէջ», կը նկարագրէ «Մարմարա»։
Զրոյցի աւարտին, Պոհճալեան պատասխանած է նաեւ ներկաներու հարցումներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.