«Հայկազեան» համալսարանի Հայկական Սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի «Հայկական անդրսահմանային տարածականութիւնը եւ արդի հաղորդակցական միջոցները» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, 15 Մայիս 2013ի երեկոյեան պաշտօնական բացումէն ետք, յաջորդող երկու օրերուն՝ 16 եւ 17 Մայիս 2013ին, «Հայկազեան» համալսարանին մէջ գիտաժողովը գումարեց չորս նիստեր՝ 14 զեկուցումներով: Ընդհանուր առմամբ եղան քսաներկու ելոյթներ՝ իբրեւ ներածական խօսք, արժեւորում, զեկուցում եւ գիտական ուսումնասիրութիւններ:
Ներկայացուած նիւթերն էին՝ վեր. դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան՝ «Հայկական համացանցումի խնդիրներ. Կորիզ, լեզու, նպատակներ», Վաչէ Բրուտեան՝ «ՀՅ Դաշնակցութեան արխիւները. կատարուած աշխատանքներ, հեռանկարներ», դոկտ. Վահէ Թաշճեան՝ «Յիշողութիւն, ցանց եւ համացանց. «Յուշամատեան» կայքէջին փորձառութիւնը», Հիլտա Չոպոյեան-Սապունճեան՝ «Եւրոպահայ քաղաքական համայնքի ստեղծումը եւ զարգացման հեռանկարները», Վաղինակ Վարդանեան՝ «Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնում տեղեկատուական արհեստագիտութեամբ իրականացուող ծրագրերը եւ դրանց դերը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութիւնում», Վարանդ վրդ. Քորթմոսեան՝ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հաղորդակցական ցանցը», Արթուն Համալեան՝ «ՀԲԸ Միութեան կրթական համակարգը եւ հեռաւոր քոլեճի ծրագիրը», դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան՝ «Հաղորդակցական իւրօրինակ ցանց մը 1940-80ականներուն. Սիմոն Սիմոնեան եւ հայերէն դասագիրքերը», Յարութ Սասունեան՝ «Ամերիկայի Միացեալ հայկական հիմնադրամի մարդասիրական արդիւնաւէտ օժանդակութիւնը Հայաստանին՝ առանց օգտագործելու արդիական հաղորդակցութեան միջոցներ», Արթուր Բախտամեան՝ «Հայկական հեռատեսիլի տեղապտոյտը», դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեան՝ «Մշակոյթի հաղորդակցական ուժը. ԳՈՀԱՐ համոյթի փորձը», երիտասարդ խմբակ՝ Պետրոս Թորոսեան, Վահագն Քէշիշեան, Եղիկ Թաշճեան, Րաֆֆի Չիլինկիրեան՝ «Հայ երիտասարդներու պլոկներ եւ ընկերային հաղորդակցման այլ միջոցներ. մեր փորձը», Լորիկ Սապունճեան-Ծատուրեան՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինին փորձը», դոկտ. Մհեր Յովհաննիսեան՝ «Հայագիտութեան ներկայացուածութեան հիմնախնդիրները համացանցում»:
Ներկայացուած նիւթերը քննեցին հայկական անդրսահմանային տարածականութեան ծիրին համար օգտագործուող հաղորդակցական դասական-աւանդական թէ նորագոյն միջոցները, անոնց արդիւնաւէտութիւնը, դիմագրաւած դժուարութիւնները, խոչընդոտները:
Զեկուցողները բացայայտեցին հայկական տարբեր նիւթերու՝ Հայ Դատի, կրթութեան, հայագիտութեան, եկեղեցական հաղորդակցութեան, երիտասարդական խմբաւորումներու, բարեսիրական գործունէութեան, դրամահաւաքի, Հայաստանի Հանրապետութեան պատկերի (իմեճ), նախաեղեռնեան օսմանեան հայութեան առօրեայի վերականգնումի, հայկական հեռատեսիլի, մշակոյթի, դասագիրքերու, արխիւային նիւթերու հաւաքումի եւ նման այլ ձեռնարկներու համար օգտագործուող հաղորդակցական միջոցները եւ ռազմավարութիւնը:
Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն պարզուեցան վերոյիշեալ կալուածներու իւրայատկութիւնները, ընդհանրութիւնները, փոխգործակցութեան գործնական կարելիութիւնները:
Գիտաժողովի ամբողջ ընթացքին մնայուն հարցադրում դարձան ներհայկական հաղորդակցական նիւթերը եւ այն շարժառիթները, որոնք կը մղեն ներհայկական հաղորդակցութեան: Ի յայտ եկաւ, որ տակաւին շատ նիւթեր ու պարագաներ հայութիւնը իրար կը միացնեն եւ կը շաղկապեն:
Մասնակիցները լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն, մանաւանդ որ անոնք այդ նիւթերու երկարամեայ փորձառութիւնը ունէին: Այդ առումով, գիտաժողովը կարեւոր մէկտեղում մը եղաւ փորձագէտներու եւ մասնագէտներու, որոնք համադրեցին ամէնօրեայ փորձը գիտական վերլուծութեան հետ:
Յատկանշական այլ երեւոյթ մըն էր մասնակցութիւնը «Հայկազեան» համալսարանի ուսանողներու եւ շրջանաւարտներու, որոնք իրենց փորձառութիւնը կիսեցին մասնակիցներուն հետ: Այս առումով, անհրաժեշտութիւն նկատուեցաւ թէ՛ սերնդափոխութեան, թէ՛ միջոցներու որդեգրման եւ թէ մօտեցումներու-մեթոտներու երեւոյթները:
Յառաջիկայ տարուան գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Հայերը Լիբանանի մէջ» թեման: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս առնչութեամբ:
«ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ» ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՓԻՒՌՔԻ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆ