Ուաշինկթընի մօտ ՀՀ դեսպանութեան մէջ, Մայիս 16ին, տեղի ուենցած է Նիւ Եորքի «Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ, ամերիկահայ ականաւոր գործիչ Վարդան Գրեգորեանին Հայրենիք-Սփիւռք կապերու ամրապնդման գործին մէջ ունեցած մեծ աւանդին եւ երկարամեայ հայանպաստ գործունէութեան համար ՀՀ նախագահին կողմէ շնորհուած «Մխիթար Գօշ» մետալի յանձման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Յանձնելով ՀՀ նախագահի պարգեւը՝ ԱՄՆի մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան բարձր գնահատած է Վարդան Գրեգորեանի գործունէութիւնը ամերիկեան հասարակական-կրթական ոլորտին եւ հայ համայնքի կեանքին մէջ՝ նշելով, որ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին կողմէ Վարդան Գրեգորեանին շնորհուած պետական պարգեւը պարոն Գրեգորեանի նուաճումներուն, աւանդին եւ հայանպաստ գործունէութեան արժանի գնահատականն է:
«Քարնըկի» հիմնարկի նախագահ Վարդան Գրեգորեան իր խօսքին մէջ, մասնաւորապէս, նշած է, որ բազմաթիւ պարգեւներու եւ մետալներու շարքին այս մէկը կը գրաւէ առանձնայատուկ տեղ, որովհետեւ անիկա իր անկախ եւ ինքնիշխան հայրենիքի պարգեւն է. անկախ Հայաստանի, որուն հայ ժողովուրդը կրցաւ հասնիլ մեծ զոհողութիւններու գնով եւ որուն զարգացման համար բոլոր հայերը պէտք է միասնական ջանքեր գործադրեն: Ան երախտագիտութեան խօսք յղած է ՀՀ նախագահին իր գործունէութեան բարձր գնահատականին համար:
Այնուհետեւ Վարդան Գրեգորեանը ողջունած են եւ շնորհաւորանքի խօսքեր ուղղած Ամերիկայի Արեւելեան թեմի ներկայացուցիչ Վիգէն արք. Հայկազեանը եւ ամերիկահայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Հանդիսութէան մասնակցած են, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւորականներ, ԱՄՆի մէջ ԼՂՀ ներկայացուցչութեան աշխատակիցներ, հայ համայնքի բազմաթիւ ներկայացուցիչներ եւ լրագրողներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.