ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւններու շրջանային խորհրդաժողովը 17 Մայիսին իր աշխատանքներուն սկսաւ Հոլանտայի Ալկմաար քաղաքին մէջ:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին 42 երիտասարդներ Եւրոպայի 8 երկիրներէ՝ Պուլկարիա, Ֆրանսա, Անգլիա, Գերմանիա, Աւստրիա, Յունաստան, Շուէտ եւ Հոլանտա:
Խորհրդաժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մկրտիչ Մկրտիչեան, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի պատասխանատու Սարգիս Մկրտիչեան եւ ՀՅԴ Եւրոպայի պատասխանատու ղեկավարներ:
Խորհրդաժողովի ընդհանուր բնաբանն էր «Հայութիւնը 2025 թուականին»: Եռօրեայ խորհրդաժողովին ընթացքին միութիւնները նախ ծանօթացան մէկզմէկու իրավիճակին, գործունէութեան եւ խնդիրներուն: Ապա քննարկուեցան «Հայութիւնը 2025 թուականին», «Եւրոպայի հայութիւնը 2025 թուականին» եւ «Եւրոպահայ երիտասարդութիւնը 2025 թուականին» նիւթերը:
Յատկապէս աշխատանոցներուն մէջ փորձ կատարուեցաւ նորովի հայեացքով վեր հանելու եւրոպահայ երիտասարդութեան առջեւ դրուած ներկայ մարտահրաւէրները եւ անոնց լուծման ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը:
Խորհրդաժողովի քննարկման առանցքային նիւթերէն մէկը այն էր, թէ ՀՅԴ Եւրոպայի երիտասարդական միութիւնները ինչպէ՛ս կրնան աւելի ներդրում ունենալ հայրենիքի հզօրացման եւ հայութեան հիմնախնդիրներու լուծման գործին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.