ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».– Դամասկոս-Գամիշլի-Երեւան երկրորդ թռիչքը, որ նախատեսուած էր նախ 15 Մայիսին, ապա յետաձգուեցաւ մինչեւ 22 Մայիս, դարձեալ յետաձգուած է: Այս մասին «Փան- Արմինիըն»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է «Սիրիական աւիաուղիներ»ու երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յովհաննիսեանը:
«Քիչ առաջ տեղեկացանք, որ չուերթն այս անգամ յետաձգուել է մինչեւ Մայիսի 28ը: Պատճառների մասին չի հաղորդւում, բայց, ամենայն հաւանականութեամբ, ուղեւորներն են քի»չ, յայտնած է ան՝ աւելցնելով, որ 12 մեկնող եւ նոյնքան ալ ժամանող ուղեւոր տոմս գնած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.