ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս», «Նի-ուզ».– Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 20 Մայիսին այցելած է Տաւուշի մարզին մէջ գտնուող Նոյեմբերեանի զօրամաս, ուր քանի մը օր առաջ զինուոր մը սպաննուած է: Այս տեղեկութիւնը «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատած է պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեանը:
Ան յայտնած է, որ նախարարին այցելութեան պատճառը օրեր առաջ այդ զօրամասին մէջ տեղի ունեցած միջադէպն էր: Եւ քանի որ Սէյրան Օհանեան յայտարարած էր, որ այդ գործին քննութեան պիտի հետեւի մօտէն ու անձամբ, քանի մը հարց պարզաբանելու նպատակով գացած է զօրամաս:
Անդրադառնալով «Առաւօտ»ի տարածած այն տեղեկութիւններուն, թէ ատրպէյճանցիները կրակած են նախարարը տեղափոխող ուղղաթիռին վրայ, մամլոյ խօսնակը նշած է, որ այդ մասին յայտնած են Ոսկեպարի գիւղի բնակիչները, իսկ իրենք այդ դէպքը ապացուցող փաստեր չունին, ուղղաթիռին վրայ հետքեր չկան: «Նախարարն այդ կողմով թռել է՝ շատ մօտիկ սահմանին, բայց ապացոյցներ չունենք, որ կրակել են, հետքեր չկան», հաստատած է Յովհաննիսեան:
Յիշեցնենք, որ 15 Մայիսին Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան N զօրամասի պահակախումբի մուտքի դիտորդ, ժամկէտային զինուորական ծառայող Դաւիթ Ռաֆայէլի Խաչատրեանը իր զէնքէն կրակած էր եւ սպաննած այլ զինուոր մը՝ Լիւքս Իշխանի Ստեփանեանը, վիրաւորած Հրաչեայ Վաղինակի Սարգսեանը: Այս առիթով բացուած է հետաքննութիւն։ Դ. Խաչատրեանը ձերբակալուած է, ապա՝ բանտարկուած:
Սկզբունքով 18 Մայիսին տեղի պիտի ունենար Լիւքս Ստեփանեանի յուղարկաւորութիւնը, սակայն ծնողները որոշած էին Երեւան բերել իրենց որդիին դիակը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանէն իրենց զաւկին մահուան իրական պատճառը լսելու, նաեւ մտադիր էին կառավարութեան շէնքին դիմաց բողոքի ցոյց կատարել։ Սակայն Երեւան-Սեւան մայրուղիին վրայ տեղի ունեցած է բախում՝ ոստիկանութեան եւ Լիւքս Ստեփանեանի հարազատներուն միջեւ, քանի որ իրաւապահները փակած են անոնց ճամբան: Տեղի ունեցած է ծեծկտուք։
Կացութիւնը փրկելու եւ սպաննուած զինուորին հարազատներուն հետ խօսելու նպատակով դէպքի վայր գացած են պաշտպանութեան նախարարութեան գլխաւոր ղեկավարման մարմինի պետի տեղակալ Հայկազ Բաղմանեանը եւ Ռազմական ոստիկանութեան պետ Սամուէլ Ղուկասեանը: Աւելի ուշ դէպքի վայր մեկնած է նաեւ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ոստիկանապետը Վլադիմիր Գասպարեանն ու զինուորական դատախազ Գէորգ Կոստանեանը, որոնք զրուցած են զինուորին հարազատներուն հետ:
Անկէ ետք բարձրաստիճան պաշտօնեաները զինուորին հարազատներուն հետ վերադարձած են անոր հայրենի գիւղը՝ Վերին Գետաշէն, որպէսզի մասնակցին Լիւքս Ստեփանեանի յուղարկաւորութեանը: Նախարարը եւս մասնակցած է զինուորին յուղարկավարութեան, անոր ծնողներուն վստահեցուցած է, որ գործին բոլոր ծալքերը պիտի բացայայտնուին եւ մեղաւորը պիտի պատժուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.