
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ֆրանսայի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ գրաւոր դիմում մը կատարած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան՝ նշելով Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ ուղիղ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման անհրաժեշտութիւնը եւ կոչ ընելով նախարարութեան, որ աջակցի Ստեփանակերտի օդակայանի բացման գործին. այս մասին կը հաղորդէ «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթը:
«Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկողութեան համար հայերու եւ ատրպէյճանցիներու միջեւ մղ-ուած պայքարը Ստեփանակերտի օդակայանը օգտագործման համար ոչ պիտանի դարձուց: 2008ին սկսած գործընթացով մը, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերակառուցուեցաւ օդակայանը եւ թռիչքուղին: Այդուհանդերձ, երբ օդակայանի վերակառուցումը արդէն աւարտած է եւ անիկա արդէն իսկ կը համապատասխանէ ապահովական չափանիշերու, Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կ՛արգիլէ օդային տարածքի օգտագործումը, իսկ ատրպէյճանական բանակը կը սպառնայ զգետնել քաղաքացիական օդանաւերը: Եթէ նոյնիսկ ուղղաթիռներու որոշ թռիչքներ կ՛իրականացուին, այդ մէկը բաւարար չէ շրջանին մեկուսացման վերջ տալու համար, յատկապէս՝ որովհետեւ կենսոլորտային խիստ պայմանները կը խանգարեն ձմրան ժամանակաշրջանին ուղղաթիռներու թռիչքները», գրուած է նամակին մէջ:
Պուայէ կոչ ըրած է աջակցելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ օդային հաղորդակցութեան վերականգնման: «Զինադադարէն ետք շարունակուող լարուած պայմաններուն մէջ կարեւոր է, որ Ֆրանսա առաջատար դերակատարութիւն ունենայ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ ուղիղ հաղորդակցութեան հաստատման գործին մէջ», նշած է Պուայէ: