
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի Միացեալ Նահանգներ այցելութեան առիթով, Ամերիկայի հայ եւ յոյն համայնքներու ղեկավարները կոչ ըրած են Սպիտակ տան, որ Թուրքիոյ հետ առեւտրական կապերուն համար խիստ նախապայմաններ սահմանէ՝ հակադարձելով Միացեալ Նահանգներու հետ առեւտրական կապերը աւելի սերտացնելու նպատակով Անգարայի ջանքերուն:
Արդարեւ, Ամերիկայի հելլենական հիմնարկը, Հելլենամերիկեան ղեկավարման խորհուրդը եւ Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը դիմած են Միացեալ Նահանգներու առեւտուրի ժամանակաւոր ներկայացուցիչ Տեմեթրիոս Մարանթիսին, որ նախքան առեւտրական կապերը սերտացնելը՝ Թուրքիայէն պահանջուի հեռանալ բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոսէն, «ուր մարդկային եւ կրօնական իրաւունքները կ՛ոտնակոխուին»: Նաեւ կը շեշտուի, թէ Թուրքիա պէտք է վերցնէ Հայաստանի շուրջ իր պարտադրած տնտեսական ապօրինի շրջափակումը: