
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերուն համար բազմաբնակարանային շէնքեր եւ առանձնատուներ կառուցելու նպատակով Աշտարակի, Էջմիածինի եւ Մասիսի քաղաքապետարանները տարածքներ տրամադրած են: Աշտարակի քաղաքապետարանը, օրինակ, 5 հեքթար տարածք յատկացուցած է ծրագիրի իրականացման համար: Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեանը «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է, որ ծրագիրի յաջող իրագործման պարագային հետագային նաեւ այլ տարածքներ պիտի յատկացուին նոյն նպատակին։ «Հողատարածքը հինգյարկանի շէնքեր կառուցելու համար է: Ծրագիրը կազմուած է երեք բաղադրիչից. ֆինանսական կողմի ապահովման հարցում իր ներդրումը կ՛ունենայ նաեւ Հայաստանի կառավարութիւնը. այն կը հոգայ հողայատկացման հարցը, բնակարանի արժէքի մի մասը կը վճարի սիրիահայ ընտանիքը, միւս մասը՝ հովանաւորը: Առաջին հովանաւորն, ի դէպ, արդէն գտնուել է», յայտնած է Ֆիրդուս Զաքարեանը՝ տակաւին չուզելով յիշել առաջին հովանաւորին անունը: Կառուցման նախագիծը անվճար կերպով պիտի ներկայացնէ Հայաստանի պետական ճարտարապետաշինարարական համալսարանը: Աջակցութիւն առաջարկած է նաեւ Հայաստանի ճարտարապետներու միութիւնը: Տարածքներու յատկացումը կատարուած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի յանձնարարականով:
Զաքարեանի համաձայն, այժմ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի գլխաւորութեամբ կը սերտուին ու կը քննարկուին ֆինանսաւորման հարցերը: Տակաւին յստակ չէ, թէ որքան գումար պիտի յատկացուի. նախահաշիւ աշխատանքներէն անմիջապէս ետք պիտի տրամադրուի գումարը, որուն պիտի յաջորդէ շինարարութեան սկիզբը: Բնակարանները կառուցելու համար պիտի յայտարարուի մրցոյթ, որուն լոյսին տակ պիտի ընտրուի շինարարական կազմակերպութիւնը:
Ցարդ յստակ չէ, թէ որքան ժամանակ պիտի յատկացուի բնակարանները կառուցելու համար, սակայն, Զաքարեանի համաձայն, անիկա պիտի աւարտի շատ արագ, որպէսզի կարելի եղածին չափ արագ բնակարաններ ապահովուին մարդոց։ «Նախատեսուած է կառուցել ոչ միայն 1-4 սենեականոց բնակարաններ, այլ նաեւ երկյարկանի քոթեջներ՝ մեծ ընտանիքների համար», յայտնած է Զաքարեանը:
Նորակառոյց բնակարաններուն մէջ ապրելու փափաք յայտնած է շուրջ 600 ընտանիք, սակայն ներկայիս պիտի կարենան օգտուիլ միայն 100ը: Նախարար Յակոբեանի առաջարկով վերջիններուն առաջնահերթութիւնը պիտի տրուի կրկին վիճակահանութեան սկզբունքով: Կառուցուող շէնքերուն մէջ բնակարանը միջին հաշուով պիտի արժէ 50 հազար տոլար, որուն մեծ մասը պիտի տրամադրէ հովանաւորը, միւս մասը՝ սուրիահայ ընտանիքը: Ֆինանսական բոլոր հարցերուն վերջնական ճշդորոշումը պիտի կատարուի յառաջիկային։