ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– 3 Մայիսին կայացաւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարին կից ատեանի նիստը, որուն օրակարգին վրայ էին 2 հիմնական հարց:
Նախարարութեան սփիւռքի երիտասարդներու «Արի տուն»ի այս տարուան ծրագիրի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին զեկուցած է նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆ. Զաքարեանը:
Ան մասնաւորապէս նշած է, որ այս տարի ծրագիրի գործադրութեան հինգերորդ տարին է, ուստի պէտք է լաւապէս նախապատրաստուիլ: Զեկուցողը մանրամասնօրէն անդրադարձած է «Արի տուն» ծրագիրի մեկնարկին՝ դիտել տալով, որ նախարարութեան հետ կը համագործակցին 10է աւելի նախարարութիւններ, 7 մարզպետարաններ, 20 կրթամշակութային հաստատութիւններ: Ֆ. Զաքարեան աւելցուցած է, որ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով նախարարութեան բոլոր ծրագիրներու մասնակիցներուն համար պիտի կազմակերպուի հայոց լեզուի տարբերակուած ուսուցում:
Կը նախատեսուի, որ այս տարի «Արի տուն» ծրագիրին մասնակցի 1000 մանուկ եւ պատանի:
Զեկուցողը նշած է, որ աշխատանք կը տարուի նաեւ սուրիահայ երեխաներուն արձակուրդը լաւապէս կազմակերպելու ուղղութեամբ։ Արդարեւ, Սուրիայէն եկած ու Հայաստան գտնուող սուրիահայ մանուկներուն համար յատուկ ծրագիր պիտի պատրաստուի եւ գործադրուի Լոռիի մէջ։ 100 սուրիահայեր իրենց արձակուրդը պիտի անցընեն Վանաձորի «Ծիծեռնակ» ճամբարին մէջ, շուրջ 80 երեխաներ ալ պիտի միանան «Արի տուն»ի մասնակիցներուն՝ Աղաւնաձորի մէջ:
«Կարեւոր է, որ երեխաները Հայաստանից հեռանան մեծ խանդավառութեամբ ու ոգեւորութեամբ», յայտնած է սփիւռքի նախարար Հ. Յակոբեան: Արժեւորելով ծրագիրը՝ ան նշած է, որ «Արի տուն» ծրագիրը նախարարութեան լաւագոյն, ամէնէն աւելի կայացած ծրագիրներէն է, որ մնայուն կերպով կը զարգանայ:
Ան նախարարութեան անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնած է Ռուսիոյ հայերու միութեան ու Համաշխարհային հայկական կոնգրեսին՝ իրական գործընկեր դառնալնուն համար եւ յոյս յայտնած է, որ այդ համագործակցութիւնը հետագային եւս ունենայ արդիւնաւէտ եւ շարունակական ընթացք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.