ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը եւ Արագածոտնի մարզպետարանը միասնաբար կազմակերպեցին «Կիլիկիան» դպրոցի սուրիահայ աշակերտներուն այցելութիւնը Արագածոտնի մարզ:
Աշակերտները այցելեցին Տառերու պուրակ եւ Յովհանավանք: Այնուհետեւ զանոնք ընդունեցին Կարբի գիւղի Վ. Թէքէեանի անուան միջնակարգ դպրոցի սաները, որոնք իրենց ձեռքով պատրաստած ուտելիքներով հիւրասիրեցին սուրիահայ իրենց հասակակիցները: Հիւրերուն համար ելոյթ ունեցաւ Կարբիի դպրոցի քառաձայն երգչախումբը: Դպրոցականները միասնաբար հանդէս եկան ասմունքի, երաժշտական եւ պարային ստեղծագործութիւններու կատարումներով, որմէ ետք երկու դպրոցներու պատանի ֆութպոլիստները իրենց ուժերը չափեցին մարզադաշտին վրայ:
Ողջունելով սուրիահայ դպրոցականները իրենց յարկին տակ՝ Կարբիի գիւղապետ Կարէն Բաղդասարեանը եւ դպրոցի տնօրէն Արսէն Օհանեանը իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին յառաջիկային եւս նման միջոցառումներու կազմակերպելու: Սուրիահայ դպրոցականներուն անունով ջերմ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեց «Կիլիկիան» դպրոցի տնօրէն Նորա Փիլիպոսեանը: Իսկ ծրագիրի նախաձեռնողներէն Մարիետա Մակարեանը նշեց, որ ծրագիրը հիանալի առիթ է սուրիահայ աշակերտներուն իրենց հասակակիցներուն հետ կապ հաստատելու եւ մտերմանալու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.