ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
ՖՐԵԶՆՕ.- Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէնուհի Մարգարիտ Տումանեանի հրաւէրին ընդառաջելով՝ Շաբաթ, Ապրիլ 20ին դիմեցի եկեղեցի: Անիկա կը գտնուի «Ֆըրսթ» եւ «Տիգոթօ» ճամբաներու խաչմերուկին վրայ: Ճշդուած ժամանակին կանգ կ՛առնեմ եկեղեցւոյ կանգառը եւ դարպասէն դպրոցի բակը մտնելով՝ կ՛ուղղուիմ կեդրոն, ուր զետեղուած է փոքրիկ խաչքար մը: Դասարաններէն, աշակերտները՝ ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ եւ Եղիա քհնյ. Հայրապետեանի ու սարկաւագ Յակոբ Իսկէնեանի առաջնորդութեամբ, թափօր կազմած կու գան, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ խոնարհելով ու երեսը խաչակնքելով՝ ձեռքի ծաղիկն ու ձեռային աշխատանքը կը զետեղէ խաչքարին վրայ, ապա թափօրը յառաջանալով՝ մուտք կը գործէ Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր կը գործադրուի պատշաճ յայտագիր մը՝ նուիրուած Ապրիլ 24ի զոհերու յիշատակին:
Սարկաւագ Իսկէնեան կարդաց Պօղոս առաքեալի թուղթերէն. կը յաջորդէ Աւետարանի ընթերցումը: Տէր հայրն ու սարկաւագը, աշակերտներուն հետ Տէրունական աղօթքը կատարելէ ետք՝ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ապրիլ 24ի զոհերուն յիշատակը, ապա տէր հայրը իր սրտի խօսքը փոխանցեց՝ ըսելով. «Այսօր ինծի համար մեծ ուրախութիւն է ձեզի հետ ըլլալ եւ միասնաբար ոգեկոչել 1915ի մեր զոհերուն յիշատակը»: Ան յորդորեց աշակերտները, որ իրենց սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ վառ պահեն մեր պապերուն յիշատակը:
Բոլոր ներկաները ծնկաչոք երգեցին «Տէր Ողորմեա՛»ն, ապա երգչախումբը, ղեկավարութեամբ երգի ուսուցչուհի Անի Միքայէլեանի՝ երգեց Հայաստանի քայլերգը, որուն յաջորդեցին խմբային արտասանութիւններ: Աշակերտներ Դաւիթ Մանուկեան, Թամարա Վարդանեան, Անժելա Էքմէքճեան, Էլիզապէթ Էլէճեան, Ռուզաննա Էլէճեան եւ Սամուէլ Սինանեան, մեկնաբանելով Գէորգ Էմինի, Պարոյր Սեւակի եւ Աբրահամ Ղարիպեանի քերթուածներէն՝ գնահատուեցան բուռն ծափահարութիւններով, իսկ Լիլիա Աւետիսեան եւ Անի Ստեփանեան արտասանեցին «Խաղաղութիւն», «Ազգ Իմ Հայոց» եւ «Մենք Քիչ Ենք» ոտանաւորները: Ապա երգչախումբը շարունակեց հայրենասիրական երգեր՝ «Արիւնոտ դրօշ», «Օտար ափերում» եւ «Հայ ենք մենք»՝ սրտեր եւ հոգիներ խանդավառելով:
Տնօրէնուհին, գրակալին դիմաց կանգնած՝ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սիրայօժար օգնեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան, ի մասնաւորի՝ ուսուցչական կազմին, որ դասերու առընթեր, կրցաւ այսպիսի ազգայնաշունչ արտասանութիւններով եւ երգերով ճոխացնել այսօրուան յայտագիրը: Շարունակելով իր խօսքը՝ ան ըսաւ. «Բոլորիդ վարձքը կատար: Սիրելինե՛ր, թող Աստուած խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին, որպէսզի մարդկութիւնը ապրի եւ գործէ խաղաղ պայմաններու մէջ»:
Յուշահանդէսը վերջացաւ Եղիա քհնյ. Հայրապետեանի «Պահպանիչ»ով: Հանդիսականներն ու աշակերտութիւնը ուրախ ժպիտով հեռացան եկեղեցիէն:
Տնօրէնուհիին հետ մենք ալ հետեւեցանք անոնց, բակին եւ դասարաններուն մէջ շրջելով՝ դիտեցինք աշակերտներուն պատրաստած գծանկարներն ու ձեռային աշխատանքները: Աչքի կը զարնէր փոքրիկն Էրիք Բարսեղեանի ձեռային աշխատանքը, որ կը ներկայացնէր Ծիծեռնակաբերդը:
Տնօրէնուհի Մարգարիտ Տումանեան տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ եւ Շաբաթօրեայ վարժարանին մասին: Եկեղեցին կառուցուած է 1945ին ու կը պատկանի Էջմիածնական թեմին: Ներկայի հոգեւոր հովիւն է Արշէն քհնյ. Այվազեան: Իսկ Շաբաթօրեայ դպրոցը կը գործէ քսան տարիներէ ի վեր: Ներկայիս, տասը նուիրեալներ մեծ զոհողութիւններով լծուած են Մեսրոպեան տառերն ու մշակոյթը մեր մատղաշ սերունդին փոխանցելու աշխատանքին:
Ասիկա երկրորդ անգամն էր, որ ներկայ կը գտնուիմ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Շաբաթօրեայ դպրոցի աշակերտներու ելոյթներուն: Առաջինը՝ Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Մարտ 17ին, ՀՅԴի 122ամեակի տօնակատարութեան: Անոնք ոտանաւորներով եւ երգերով իրենց մասնակցութիւնը բերին տօնակատարութեան. այդ ժամանակ մեր տպաւորութիւնները արձանագրեցինք «Ասպարէզ»ի մէջ: Իրապէս գնահատելի եւ գովասանքի արժանի աշխատանք կը կատարուի Շաբաթօրեային մէջ: Մենք ուրախութեամբ, մեծ հրճուանքով եւ հպարտութեամբ վայելեցինք այդ աշխատանքին արգասիքը: Չէ՞ որ «Մեզ հայ են ասում, եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք»: