
Համահայկական «Հայաստան» Հիմնադրամը կը տեղեկացնէ, թէ յայտնի իրաւաբան Մարք Կիրակոս որոշած է իր համահեղինակած հատորին՝ «Միսթրայըլ»ի, վաճառքէն գումար մը յատկացնել հիմնադրամին:
Արդի ժամանակներուն յարմարելու Միացեալ Նահանգներու իրաւական համակարգին նուիրուած այս գիրքին մէջ, Մարք Կիրակոս նաեւ գրած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերուն վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքներուն մասին: