ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի Կիրակի, Ապրիլ 21ին Պոլսոյ մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսով մը աւարտեց Թուրքիա իր այցելութիւնը։ Երեք ժամուան յապաղումով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Քերի պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն, որոնցմէ մէկը կը վերաբերէր Յունաց Հէյպելիի դպրեվանքի բացման հարցին։ Քերի, որ այցելած էր նաեւ Յունաց պատրիարքարանը ու տեսակցած Պարթոլոմէոս սրբազանին հետ, ըսաւ, որ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուի հետ քննած է դպրեվանքի հարցը, եւ թուրք նախարարը վստահեցուցած է, թէ Թուրքիա բոլորովին իւրացուցած է կրօնքներու ազատութիւն շնորհելու սկզբունքը եւ խոստացած, որ դպրեվանքը կարճ ժամանակի մը մէջ պիտի վերաբացուի:
Քերի անդրադարձաւ նաեւ Իսրայէլ-Թուրքիա հակամարտութեան եւ ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները իր կարելին կ՛ընէ զայն լուծելու համար՝ աւելցնելով, որ Իսրայէլ քաջութեամբ մօտեցաւ այս խնդիրին։
Քերի անդրադարձաւ նաեւ Սուրիոյ տագնապին եւ ըսաւ, որ իր երկիրը կը զօրակցի Սուրիոյ ընդդիմադիր ուժերուն ու անհրաժեշտ օժանդակութիւն ցոյց կու տայ՝ միաժամանակ շեշտելով, որ պէտք է տագնապին քաղաքական լուծում մը գտնել։
Քերիի մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ամենակարեւոր հարցը, զոր թրքական եւ միջազգային մամուլը կ՛ընդգծէ յատուկ ուշադրութեամբ, Էրտողանի Կազա այցելութիւնն է։ Ինչպէս յայտնի է, վարչապետ Էրտողան քանի մը օր առաջ ըսած էր, թէ յառաջիկայ ամիս Կազա պիտի այցելէ։ Այս խնդիրը կրնար մարտահրաւէր մը նկատուիլ Իսրայէլի հասցէին։ Քերի ըսաւ, որ իր տեսակցութեանց ընթացքին, Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դիտել տուած էր, որ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ Կազա սոյն այցելութիւնը յետաձգուի, որովհետեւ՝ «ժամանակը շատ յարմար չէ»։
«Անշուշտ, Թուրքիոյ վարչապետը ազատ է երթալու հո՛ն, ուր կը ցանկայ, բայց լուծումներու որոնումի այս շրջանին լաւ կ՛ըլլայ, որ այս այցելութիւնը քիչ մը յետաձգուի, որովհետեւ այս խնդիրին մէջ կողմերը կը ջանան լուծում մը գտնել՝ առանց արտաքին միջամտութեան», ըսաւ Քերի։
Քերիի սոյն արտայայտութիւնը կրնայ որոշ ձեւով նեղ կացութեան մատնել Էրտողանը, որ հաւանաբար պիտի չուզէ այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ՝ ինք ընթացք կու տայ Ամերիկայի ցուցմունքներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.