
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Երէկուան թիւով հաղորդած էինք, որ «Իմաստուն մարդոց» պատուիրակութիւն մը այցելած էր նաեւ Թուրքիոյ վերջին հայկական գիւղը՝ Վագըֆլըն։ Պուրճու Գարագաշի ստորագրութեամբ հրատարակուած նոր լուրի մը մէջ կարգ մը մանրամասնութիւններ կը տրուին այս այցելութեան մասին։ Պատուիրակները տեղացի ժողովուրդին հետ հանդիպում մը ունեցած են գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ. պատուիրակ Լալէ Մանսուր տեղացի հայերը ողջունած է հայերէնով: Մանսուր ըսած է նաեւ, որ ինք իմացած է, թէ այս եկեղեցւոյ մէջ վառուած մոմերը ընդունելի են Աստուծոյ կողմէ, ուստի ան եւս մոմ վառած է։
Հայ համայնքի ղեկավար Ճեմ Չափար, իր կարգին ըսած է, որ դժբախտաբար այս գիւղը ամբողջ Թուրքիոյ մէջ միակ հայկական գիւղն է եւ այժմ 135 հոգի կը բնակի այստեղ։ Պատուիրակ մը հարցուցած է, թէ արդեօք դպրոց ունի՞ն եւ քանի՞ աշակերտ կայ. ըսուած է, թէ ընդամէնը 29 աշակերտ կայ, բայց այս թիւը բաւարար չէ, որ դպրոց մը բացուի։ Հայկական դպրոցներ միայն Պոլսոյ մէջ կան, ուստի իրենք պարտադրուած են իրենց զաւակները հոն ուղարկելու, որպէսզի հայերէն սորվին, եւ ասիկա դժուար վիճակներ կը ստեղծէ։
Պատուիրակ Գատիր Ինանըր ըսած է. «Դուք հանգիստ եղէք, բարձր պահեցէք ձեր բարոյական կորովը. նոր սահմանադրութիւնը պիտի ընդգրկէ բոլոր հայրենակիցները եւ պիտի ըլլայ իրաւ ժողովրդավարական սահմանադրութիւն մը»։
Սակայն, Թուրքիոյ մէջ որոշ խմբակներ կը շարունակեն հակազդել «Իմաստուն մարդոց» այս աշխատանքին։ Բանուորական կուսակցութիւնը, ինչպէս նաեւ Աթաթիւրքեան մտածումի միութեան անդամներ, բողոքեցին ժողովուրդին հետ կատարուած դռնփակ խօսակցութիւններուն դէմ եւ պաստառներ պարզեցին՝ ըսելով. «Ձեզ մտիկ պիտի չընենք. պիտի չարտօնենք, որ հայրենիքը պառակտէք»։