ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երկուշաբթի, Ապրիլ 8ին, համայնքի ներկայացուցիչներուն, ընտրեալ պաշտօնատարներու եւ Լոս Անճելըս գաւառի թաղային իրաւական սպասարկութեանց (NLSLA) Տիգրան Թեւրիզեանի անուան իրաւական հարցերու յաջորդ միջնորդը ըլլալու նպատակով դիմումներ կատարած իրաւաբանական համալսարաններու նոր շրջանաւարտներուն միջեւ հաւաք մը տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի մէջ:
Թեկնածուները առիթը ունեցան ծանօթանալու Միացեալ Նահանգներու Շրջանային ատեանի հանգստեան կոչուած դատաւոր Տիգրան Թեւրիզեանին հետ: Լոս Անճելըս գաւառի թաղային իրաւական սպասարկութեանց տնօրէնութիւնը որոշած էր Թեւրիզեանի անունով կոչել սոյն նախաձեռնութիւնը՝ նկատի ունենալով դատաւորին կողմէ ամերիկահայ գաղութին տրամադրուած սպասարկութիւնները:
Այս ծրագիրին նպատակն է երկու տարուան պաշտօնավարութեան դրութեամբ ընտրել իրաւական հարցերու միջնորդներ՝ օժանդակելու համար իրաւական խորհրդակցութեանց կարիքը ունեցող կարօտեալ հայ ընտանիքներուն, Կլենտէյլի ու անոր մօտակայ համայնքներուն մէջ:
Թեկնածուները նաեւ առիթը ունեցան հանդիպելու եւ խորհրդակցելու ներկայիս այդ պաշտօնին վրայ գտնուող Նարինէ Սոհպաթեանի հետ: