
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Առաջնորդարանի ամառնային ճամբարի նախապատրաստական աշխատանքները ընթացքի մէջ են, իսկ անոր մասնակցելու դիմումնագիրները արդէն իսկ տրամադրելի են www.hyecamp.com համացանցային կայքէն:
Ամառնային ճամբարը այս տարի եւս տեղի պիտի ունենայ չորս շաբաթներու ընթացքին՝ ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցին.
– Առաջին շաբաթ՝ Յուլիս 14-20
– Երկրորդ շաբաթ՝ Յուլիս 21-27
– Երրորդ շաբաթ՝ Յուլիս 28էն Օգոստոս 3
– Չորրորդ շաբաթ՝ Օգոստոս 4-10:
Ճամբարին մէջ, «Ընտանիքի օր»ը պիտի կայանայ Մայիս 18ին: Այս մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու եւ արձանագրութեանց համար, հաճեցէք այցելել www.hyecamp.com/family-day կայքէջը: Այդ օրը տեղի պիտի ունենայ հիւրասիրութիւն, ծանօթացում ճամբարին ու անոր գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մարզական խաղեր եւ խարուկահանդէս: