
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հալէպի հայկական թաղամասերուն մէջ նախորդ երկու օրերուն թէեւ որեւէ դէպք չէ արձանագրուած, սակայն մնայուն կերպով սպասողական, անորոշ եւ անապահով վիճակ կը տիրէ, ինչ որ կը շարունակէ անհանգստացնել բնակիչները։ «Արմէնփրէս»ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Բերիոյ թեմի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեանը:
«Երբեք չես գիտնար, թէ իրավիճակը ինչպէս կրնայ փոխուիլ, եւ յանկարծ ի՛նչ անակնկալներ կրնան պատահիլ», յայտնած է Ժիրայր Ռէյիսեան՝ աւելցնելով, որ քաղաքը ներկայիս համեմատաբար աւելի երկար ատեն ելեկտրականութիւն կ՛ունենայ։
Բերիոյ թեմի ազգային առաջնորդարանի բանբերը դիտել տուած է, որ ռմբակոծումները եւ բախումները կը շարունակուին Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ, ինչպէս նաեւ օդակայանի ճամբուն վրայ։ Իսկ Շէյխ Թահա շրջանին մէջ, ուր եւս բաւական մեծ թիւով հայեր կան, արձանազէնները մեծ վտանգ կը ներկայացնեն բնակիչներուն համար, այն աստիճան, որ անոնք իրենց տուներէն դուրս չեն ելլեր։
Հալէպի մէջ շաբաթներ առաջ առեւանգուած հայերուն մասին խօսելով՝ Ռէյիսեան դիտել տուած է, որ ցաւ ի սիրտ, անոնց մասին տեղեկութիւն չկայ։