
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Օսմանեան կայսրութեան ժամանակ հայերու սպանութիւնը «ցեղասպանութիւն» որակելը կրնայ վնաս հասցնել Գանատայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններուն, սակայն Մարդու իրաւունքներու գանատական թանգարանը որոշած է այլ անուն չտալ 1.5 միլիոն հայերու կոտորածին. այս մասին կը հաղորդէ «Ուինիփեկ Ֆրի Փրէս» օրաթերթը:
Երբ գալիք տարի թանգարանը բացուի, Հայկական Ցեղասպանութեան մասին տեղեկութիւններ պարունակող սրահը պիտի կոչուի «Ցեղասպանութեան սրահ», ըսած է թանգարանի ներկայացուցիչ Քլինթ Քերլ:
Գանատայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թանճայ Պապալը յայտարարած էր, որ Գանատայի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը խոչընդոտ մըն է երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրին առջեւ: «Կարելի չէ գործարարութիւն ընել, երբ ազգ մը կը մեղադրես ցեղասպանութեան յանցանքով: Այս մէկը լուրջ մեղադրանք է ու պէտք է պատմականօրէն ու իրաւականօրէն հիմնաւորուի», ըսած է դեսպանը: