– «Սքայ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Իրաքի արդարադատութեան նախարարութեան Պաղտատի կեդրոնատեղիին մէջ Մարտ 14ին տեղի ունեցած ուժգին պայթում մը առնուազն 18 զոհ ու 67 վիրաւորներ պատճառած է:
– «Հիւրրիյէթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիոյ տարբեր քաղաքներէն ասորի չորս առաջնորդներ հրաւիրած է Մարտ 18ին տեղի ունենալիք հանդիպումի մը:
– Մինչ ամերիկացի աղջիկներու 8 տոկոսը սկաուտական կազմակերպութեանց կ՛անդամակցի, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի անդամ կիներուն 70 տոկոսը անդամ եղած է նման կազմակերպութեանց:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.