ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Հերքելով այն լուրը, թէ Պաքուի մէջ Ազգային ժողովրդավարական հիմնարկի (ԱԺՀ) տնօրէն Ալեքս Կրիորիւզ Ատրպէյճանի մէջ «Ֆէյսպուք»ի միջոցաւ յեղափոխութիւն կը պատրաստէ՝ ամերիկեան դեսպանատունը Երեքշաբթի, Մարտ 13ին յայտնեց, որ ԱԺՀն ու անոր տնօրէնը ջանք կը թափեն աջակցելու Ատրպէյճանի քաղաքացիական հասարակութեան ու ժողովրդավարութեան զարգացման:
«ԱԺՀն 1995էն ի վեր հոս կը գործէ ու Ատրպէյճանի կառավարութեան հետ ամբողջովին թափանցիկ յարաբերութեանց մէջ է, եւ անոր գործունէութիւնը արդարադատութեան նախարարութեան մօտ արձանագրութեան համահունչ է», աւելցուցած է դեսպանատունը:
ԱԺՀն Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ հաստատուած կազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակը զարգացող երկիրներուն մէջ ժողովրդավարութեան աջակցիլն է:
Նախապէս, ատրպէյճանական «haqqin.az» կայքը հաղորդած էր, որ ԱԺՀ Ատրպէյճանի մէջ յեղափոխութիւն կը պատրաստէ եւ այս նպատակով ալ, արդէն իսկ 2 միլիոն տոլար ծախսած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.