ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն մասնակցութեան ձեւաչափին գծով Ժառանգութիւն կուսակցութիւնը բանակցութիւններ կը կատարէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, ՀԱԿի եւ ՀԱԿէն կազմուած կուսակցութիւններուն հետ, իսկ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան յաջողութիւն կը մաղթէ։ Այս մասին յայտնած է Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն խմբակցութեան պատգամաւոր Ռուբէն Յակոբեանը:
«Մենք առաջարկում ենք միասնական ցուցակով գնալ ընտրութիւնների, բայց չենք ասում, որ առանցքը պէտք է պարտադիր «Ժառանգութեան» շուրջ ձեւաւորել: Ինչ վերաբերում է ԲՀԿին, ապա արդէն ասուել է, որ իրենք իրենց ցուցակով են գնալու ընտրութիւններին, եւ ես յաջողութիւն եմ մաղթում իրենց», նշած է Յակոբեան՝ շեշտելով, որ քաղաքացիական հասարակութիւնը եւս պէտք է իր դերակատարութիւնը ունենայ այդ միասնական ցանկին մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.