
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Երեւանի 8րդ հիւանդանոցին մէջ 77 տարեկան հասակին մահացած է երգիծաբան, հրապարակագիր Արամայիս Սահակեանը: Ան քանի մը օրէ ի վեր արդէն հիւանդանոցն էր ու կը տառապէր արեան հիւանդութենէ։
Արամայիս Ադամի Սահակեան ծնած է 24 Մայիս 1936ին, Արծուաշէն գիւղին մէջ: Նշանաւոր բանաստեղծ, հրապարակախօսը աւարտած է Խ. Աբովեանի անուան պետական մանկավարժական հիմնարկի պատմալեզուական բաժանմունքը: Նաեւ մասնակցած է Մոսկուայի Մ. Գորկիի անուան գրականութեան հիմնարկի գրական բարձրագոյն դասընթացներուն, 1967ին: Աշխատած է «Աւանգարդ» թերթին (1960-1965), «Գարուն» գրական ամսագիրին (1967-1970), ՀԼԿԵՄ Կենտկոմի (1970-1971), Խորհրդային Հայաստանի հեռուստատեսութեան եւ ռատիոհաղորդումներու պետական կոմիտէին մէջ (1971-1977): 1982էն ի վեր «Ոզնի» երգիծական հանդէսի գլխաւոր խմբագիրն է: Անոր գրիչին կը պատկանին «Աստղիկներ» (1958), «Սիրոյ հասակ» (1959), «Մենք միասին ենք» (1964), «Ապրել եւ սիրել» (1968, այս գիրքին համար ստացած է ՀԼԿԵՄ մրցանակ 1970 թուականին), «Երջանիկ եղէք» (1972), «Ես սիրում եմ ձեզ» (1975) եւ այլ գիրքեր։
Եղած է համամիութենական երաժշտական մրցումի դափնեկիր՝ իր երգերու բառերուն համար: Անոր բանաստեղծութիւնները թարգմանուած են աւելի քան 30 լեզուներու: Խորհրդային միութեան փլուզումէն ետք Ա. Սահակեան շարունակած է հրատարակել իր «Ոզնի» հանդէսը, նաեւ աշխատած է Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ: Ընտրուած է նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր:
Անոր բանաստեղծութիւնները պարբերաբար տպագրուած են հայկական եւ համամիութենական մամուլին մէջ: Տպագրած է մօտ երեք տասնեակ երկեր, ռուսերէնէ թարգմանած է բազմաթիւ աշխատութիւններ։
2003ին «Ծիծաղի տուն» հաղորդաշարին համար արժանացած է «Մովսէս Խորենացի» մետալի, 1998ին Պէյրութի մէջ «Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց» յուշամետալի, 1986ին «Ոզնի» երգիծաթերթին մէջ տպագրուած բանաստեղծութիւններուն համար՝ «Ոսկէ գրի»չ մրցանակի, 1984ին քնարական բանաստեղծութիւններուն համար՝ Աւետիք Իսահակեանի անուան մրցանակի, 1970ին «Ապրել եւ սիրել» գիրքին համար արժանացած է Հայաստանի կոմերիտմիութեան դափնեկիրի կոչումին: