ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հանրապետութեան համալսարանական ուսանողներուն պիտի տրամադրուին ուսումնական մատչելի տոկոսներով վարկեր: Այդ նպատակով կառավարութիւնը 14 Մարտի նիստին որոշում կայացուցած է այդ նպատակով պահեստային ֆոնտէն յատկացնել 21 միլիոն դրամ: Ժողովին ընթացքին Հայաստանի ելեւմուտքի նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան նշած է, որ ուսումնական չորս տարիներուն ընթացքին իւրաքանչիւր ուսանողի նախատեսուած է տրամադրել մինչեւ 1 միլիոն 800 հազար դրամ վարկ՝ տարեկան 12 տոկոսով, որուն 2-3 տոկոսը պիտի հոգայ կառավարութիւնը:
«Վարկային ծրագիրն իրականացնելու է «Բնակարան երիտասարդներին» դրամավարկային ունիվերսալ կազմակերպութեան միջոցով: Վարկը տրամադրուելու է մինչեւ 10 տարի մարման ժամկէտով, առաջին չորս տարուայ ընթացքում մարուելու են միայն տոկոսադրոյքները», յայտնած է Գաբրիէլեանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.