
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Շիրակի մարզպետ նշանակուեցաւ Ֆելիքս Ցոլակեան, որ մինչ այդ Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ էր։ Ցոլակեանի նշանակման որոշումը հաստատուեցաւ Հայաստանի կառավարութեան նիստին ընթացքին: Հայաստանի վարչապետը շնորհաւորած է Ցոլակեանը՝ նոր պաշտօնին առիթով։
Շիրակի նոր մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան մարդուժի փոփոխութիւններ ընելու մտադիր չէ: Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է Ցոլակեան՝ աւելցնելով, որ ինք ատոր կողմնակից չէ, այլ պիտի մեկնի մարզ, մանրամասնօրէն ծանօթանայ առկայ վիճակին, ապա կազմէ իր գործունէութեան ծրագիրը: «Ի հարկէ մարզում կան դժուարութիւններ: Բոլոր որոշումները կայացուելու են խորհրդատուութիւնների միջոցով, կը գնամ՝ կը ծանօթանամ իրական վիճակին, որից յետոյ էլ կը սկսենք աշխատանքները», դիտել տուած է նոր մարզպետը:
Ցոլակեան Շիրակի մարզէն է եւ կը փափաքի իր հարազատ մարզին մէջ «ինչ որ բան առաջ տանել», լուծել առկայ խնդիրները: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչո՞ւ Շիրակի մարզպետ կը նշանակեն ուժային կառոյցներու ներկայացուցիչները՝ Ցոլակեան յայտնած է, որ ատիկա պարզ զուգադիպութիւն է եւ միայն վերջին երկու մարզպետերը այդ կառոցներէն եղած են։
Անդրադառնալով Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանի հետ յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցումի մը՝ Ցոլակեան նշած է, որ ինք բոլորին հետ ունի լաւ յարաբերութիւններ եւ տրամադիր է միայն աշխատելու: Նոր մարզպետը աւելցուցած է նաեւ, որ արդէն զրուցած է նախկին մարզպետ Աշոտ Գիզիրեանի հետ եւ կ՛ակնկալէ, որ անկէ շնորհաւորութիւն ստանայ։