ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».- «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութեան եւ ՀՕՄի ջանքերով կազմակերպուած օգնութիւնը յետ այսու սուրիահայերուն պիտի տրուի ամէն շաբաթ։ Սննդամթերքէն բացի սուրիահայերուն պիտի բաժնուին ձմեռային հագուստներ, բաճկոններ:
Աւելի քան 350 բաճկոն Թայուանէն ուղարկած է հալէպահայ բարերար Յովիկ Յակոբեանը: 400 քիլոկրամ դեղորայք հասած է Ֆրանսայէն եւ Զուիցերիայէն. յառաջիկային օժանդակութիւն պիտի տրամադրուի նաեւ Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ կողմէ:
Սուրիահայերուն պարէնով կապոցներ ուղարկած էին նաեւ Արմաւիրի գիւղերէն, ՀՅԴ «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնն ալ բժշկական ակնոցներ տրամադրած է՝ տեսողական խնդիրներ ունեցող հայրենակիցներուն:
ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ այս օրերուն կամաւոր տղոց փոխարէն համախմբուած են Սուրիոյ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) կիները, որոնք կապոցներ պատրաստելով՝ կը բաժնեն կարիքաւորներուն։ Աշխատանքները կը համակարգէ ՀՕՄը: Այս անգամ արդէն սնունդի փոխարէն ձմեռնային հագուստ պիտի բաժնուի աւելի քան 350 սուրիահայ երեխայի:
«Մեր սիրիահայ ընկերոջ կողմից երեխաների ձմեռային վերակուներ կը բաժանուեն: Ի հարկէ, առաջիկայում նոյնպէս օգնութիւն կը լինի», յայտնած է «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Խաչիկ Ճոզիկեանը:
Աշխատանք, բնակարան, կրթութիւն. այսօր ասոնք են հայրենիքի մէջ ապրող աւելի քան 8000 սուրիահայերուն հիմնական խնդիրները: Մեծ մասը արդէն համակերպած է այս վիճակին, կը փորձէ աշխատանք գտնել եւ մնայուն կերպով հաստատուիլ հայրենիքի մէջ: Ուրիշ մաս մը կը սպասէ, որ կացութիւնը հանդարտի, սահմանները բացուին, որպէսզի Հալէպ վերադառնայ։
Հակառակ դժուարութիւններուն, այս ամիսներուն նկատելի եղած է կարեւոր եւ արժէքաւոր երեւոյթ մը, յայտնած է Խաչիկ Ճոզիկեանը՝ աւելցնելով, որ սուրիահայութեան օգնութեան ձեռք մեկնած է ողջ հայութիւնը. «Տարբեր տեսակի օգնութիւն է լինում: Անգամ հեռաւոր գիւղերից գալիս են, որ ինչ-որ կերպ օգնեն կարիքի մէջ գտնուող սիրիահայերին»։
«Արամ Մանուկեան» կեդրոնը բազմամարդ պիտի ըլլայ նաեւ յաջորդ շաբաթ: Նախաձեռնութեան անդամները այսքանով պիտի չսահմանափակուին։ Յառաջիկային կրկին սնունդ եւ ձմեռնային հագուստ պիտի բաժնուի։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.