
15 Յունուարին կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին վրացագէտ Հայկազուն Ալվրցեան յայտնած է, որ æաւախքի հարցերով Հայաստանի հետաքրքրութիւնները միջամտութիւններ չեն Վրաստանի ներքին գործերուն, որովհետեւ æաւախքը պատմականօրէն հայաբնակ եւ հայկական տարածք է, բայց քաղաքական հանգամանքներու բերումով այսօր կը գտնուի Վրաստանի կազմին մէջ: Անոր համաձայն, Հայաստան ունի բոլոր իրաւունքները իր հայրենակիցներուն ճակատագիրով հետաքրքրուելու եւ Հայաստանը պարտաւորութիւն ունի հայկական մշակոյթը պահպանելու իմաստով: «Ես ոչ մի հարցում այդ պարտաւորութիւնների կատարումը չեմ տեսնում», հաստատած է բանախօսը:
Հ. Ալվրցեան յիշեցուցած է, որ Հայաստանի իշխանութիւնները՝ ի դէմս նախագահին եւ վարչապետին, քանի մը անգամ կատարած են յայտարարութիւններ, որոնց ցոյց կու տան, որ անոնք կը տիրապետեն Ջաւախքի խնդիրներուն եւ պարտաւորութիւն ունին անոր նկատմամբ, սակայն այդ բոլորը մնաց յայտարարութեան ծիրին մէջ, գործնական ոչ մէկ քայլ առնուեցաւ։ «Իսկ նման յայտարարութիւնները վատացնում են վիճակը եւ խրախուսում վրացական կողմին՝ ցոյց տալով, որ հայկական կեցուածքը միայն յայտարարութիւնների համար է, եւ որեւէ գործնական քայլ չի հետեւում: Սա վրացական կողմից իրաւունք է տալիս աւելացնել ճնշումները բոլոր ոլորտներում», յայտնած է ան։
«Նրանց քաղաքականութիւնը միտուած է Մեսխեթ-Ջաւախք տարածաշրջանի ազգագրական պատկերը փոխելու: Այդ ուղղութեամբ նոյնպէս նրանք ժրաջանօրէն աշխատում են, իսկ Հայաստանը որեւէ կոնկրետ քայլ չի կատարում այդ տարածաշրջանում հայերին տեղում պահելու համար», նշած է Հ. Ալվրցեանը:
Ըստ անոր, այս բոլորը կարելի է ընել հասարակական կազմակերպութիւններու, տնտեսական կազմակերպութիւններու, դրամատուներու, արտադրական միաւորումներու միջոցով: Հայաստանեան արդիւնաբերողները, գործարարները այսօր Վրաստանի մէջ ունին լուրջ տնտեսական ձեռնարկութիւններ, սակայն, ըստ Հ. Ալվրցեանի, չկայ ձեռնարկութիւն մը, զոր հայ գործարարները ստեղծած ըլլան æաւախքի մէջ, որպէսզի ջաւախքցիներուն աշխատանք տրամադրեն կամ լուծեն տարածաշրջանի ընկերային խնդիրները: