ԵՐԵՒԱՆ, «Ի լուր».– «Յանուն ապագայի» քաղաքացիական նախաձեռնութիւնը «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնութիւնը նկատած է տարուան լաւագոյնը:
«Ի լուր»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է «Օգնիր եղբօրդ» նախաձեռնող խումբի անդամ Լիլիթ Գալստեանը՝ նշելով, որ տարուան լաւագոյն նախաձեռնութիւնը նկատուիլը արդիւնք է բոլորին նուիրումին:
Ան շնորհակալութիւն յայտնած է անոնց, որոնք հաւատացին ծրագիրին, մասնակից եղան՝ իրենց ձեռքը մեկնելով պատերազմին պատճառով մեծ ողբերգութիւն ապրող սուրիահայ հայրենակիցներուն:
«Նախաձեռնութիւնն այս տարի էլ է շարունակելու իր գործունէութիւնը, ցաւով եմ ասում, քանի որ պատերազմն աւարտուելու հեռանկար չի արձանագրում, եւ մեր հայրենակիցներն իրենց ճանապարհին բազմաթիւ խոչընդոտների առաջ են կանգնում, իսկ մենք պարզապէս իրաւունք չունենք լինել անտարբեր, փորձում ենք լինել զգօն, նոր ծրագրեր մշակել եւ շարունակել մեր եղբայրական օգնութեան տրամադրումը մեր հայրենակիցներին», յայտնած է Լիլիթ Գալստեանը:
Անոր համաձայն, նկատի ունենալով, որ սուրիական օդանաւային ընկերութիւնը դադրեցուցած է թռիչքները դէպի Հալէպ՝ նախաձեռնութիւնը պիտի որդեգրէ նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու մարտավարութիւն:
«Բեռնափոխադրումները շատ ծանր գործընթաց են իրենցից ներկայացնում, այս պայմաններում՝ գրեթէ անկարելի: Շարունակելու ենք Հայաստանում գտնուող սիրիահայերին օգնութիւն ցուցաբերել, որոշել ենք իւրաքանչիւր շաբաթ օր կուտակած պարէնային օգնութիւնը շարունակել բաժանել Կոմիտասի փողոցում գտնուող «Արամ Մանուկեան» կենտրոնում», նշած է ան:
Լիլիթ Գալստեան նաեւ տեղեկացուցած է, որ օրեր առաջ նախաձեռնութիւնը մինչեւ 8 տարեկան սուրիահայ երեխաներուն նուիրած է 300 ձմեռային բաճկոններ, զորս տրամադրած է բարերար մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.