ԼՈՆՏՈՆ.- »Շարք Աուսաթ« թերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը Ֆայսալ Ելմազը »սուրիացիներու վալի (պետ-Խմբ.)« նշանակած է: Ան պիտի հետեւի Թուրքիոյ եւ սուրիական վարչակարգի վերահսկողութենէն դուրս եղող շրջաններուն մէջ գտնուող սուրիացիներու հարցերուն: Ելմազի գրասենեակը Այնթապի մէջ է: Անոր »վալի« կոչուիլը սուրիացի կարգ մը ընդդիմադիրներուն մօտ վրդովում յառաջացուցած է: Անոնք նշած են, թէ այդ կոչումը թրքական »վիլայէթներ«ու ժամանակաշրջանը կը յիշեցնէ:
Ելմազ կը պնդէ, թէ իր առաքելութիւնը մարդասիրականէն տարբեր՝ այլ »օրակարգեր« չունի՝ հերքելով, որ Սուրիա ուղարկուած օժանդակութեանց շարքին կան նաեւ ռազմական սարքեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.