
ՄԱԿ, ՊԷՅՐՈՒԹ, »Ռոյթըրզ«.- ՄԱԿի հովանիին տակ գործող Համաշխարհային ուտեստեղէնի ծրագիրի ամերիկացի տնօրէն Էրթարին Քազըն Չորեքշաբթի, Յունուար 16ին յայտարարեց, թէ Սուրիոյ իշխանութեանց հետ գոյացած է համաձայնութիւն մը, որուն շնորհիւ մարդասիրական օժանդակութիւններ պիտի հասնին յաւելեալ մէկ միլիոն քաղաքացիներու՝ նպաստներ ստացող քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը հասցնելով 2.5 միլիոնի: Յաւելեալ օժանդակութիւնները տեղ պիտի հասնին 44 ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու հետ համագործակցութեան ճամբով:
Միւս կողմէ, հիւսիսային Սուրիոյ Իտլիպ նահանգին մէջ ականուած երեք ինքնաշարժներու պայթումին պատճառով, առնուազ 24 զոհ արձանագրուած է: Պայթումները տեղի ունեցած են կառավարութեան հակակշիռին տակ գտնուող շրջանի մը մէջ: Մէկ օր առաջ, Հալէպի համալսարանին մէջ երկու պայթումներ 82 զոհ խլած էին:
Մոսկուա Չորեքշաբթի օր յայտարարեց, թէ ընդդիմադիրները պատասխանատու են Հալէպի պայթումներուն՝ զանոնք հակադարձութիւն մը նկատելով սուրիական բանակին կողմէ ընդդիմութիւնը ետ մղելու յաջողած ջանքերուն:
Նաեւ, ՄԱԿի մօտ Սուրիոյ դեսպանը Չորեքշաբթի օր »վախկոտներու կողմէ իրագործուած ահաբեկչական արարք« անուանեց Հալէպի համալսարանին վրայ յարձակումը:
Միւս կողմէ, Իրան եւ Սուրիա մէկ միլիառ տոլարի համաձայնութիւն մը գոյացուցին սուրիական եւ իրանեան երկու դրամատուներու միջեւ՝ դիւրացնելու համար վարկերու փոխանցումը:
Նաեւ, Իրանի առաջին փոխնախագահը յայտարարեց, թէ Թեհրան կը զօրակցի որեւէ ծրագիրի, որ Սուրիոյ մէջ տագնապի լուծման կը նպաստէ եւ Սուրիոյ միութիւնը կը պահպանէ:
Իր կարգին, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, ըստ Քաթարի »Ուաթան« թերթին, յայտնած է. »Իրան սուրիական տագնապի երկարաձգման ուղղակի պատասխանատուութիւնը կը կրէ«:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Վիքթորիա Նիւլընտ յայտարարած է, թէ Ուաշինկթըն յոյս ունի, որ պիտի յաջողի սուրիական ճգնաժամին գծով համաձայնութիւն մը գոյացնել Ռուսիոյ հետ: »Պէտք է շարունակել հանդիպումները ռուսերուն հետ, նախ՝ ՄԱԿի ու Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրապիմիի ծրագիրին աջակցելու համար, ապա նաեւ յոյս ունենալով, որ մեր դիրքերը կրնանք համաձայնեցնել«, ըսած է ան:
Ըստ »Հայաթ« թերթին՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներու ներկայացուցիչները Յունուար 25-26ին հանդիպում մը պիտի ունենան՝ քննելու համար Իպրահիմիի զեկուցումը: