– Յունուար 16ին, ֆրանսական ուժերը յառաջացան դէպի հիւիսային Մալի՝ օժանդակելու համար հոն հաստատուած ծայրայեղ իսլամական ապստամբներու դէմ պայքարող Մալիի բանակին: Ֆրանսա ներկայիս Մալիի մէջ 750 զինուոր ունի, իսկ անոնց թիւը կրնայ բարձրանալ 2500ի: Ֆրանսական ռազմական ուղղաթիռներ Ուրբաթ օրուընէ ի վեր կը հարուածեն ապստամբներու դիրքերը: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ կը յայտնէ, թէ Ֆրանսա Մալիի մէջ կը հետապնդէ երեք նպատակներ՝ ահաբեկիչներու յարձակումը դադրեցնել, մայրաքաղաք Պամաքոն ապահով դարձնել եւ Մալիի տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնել:
– ՄԱԿի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ռան Փրոսոր, Ապահովութեան խորհուրդի ահաբեկչութեան դէմ պայքարին գծով տեղի ունեցած նիստին ընթացքին մտավախութիւն յայտնած է, որ լիբանանեան »Հըզպալլա« կազմակերպութիւնը կրնայ սուրիական քիմիական զէնքերուն տիրանալ՝ կոչ ընելով ՄԱԿին, որ անմիջական քայլերու դիմէ այդ կարելիութիւնը կանխարգիլելու համար:
– »Զաման« կը հաղորդէ, որ թուրք պաշտօնատարներ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերին հետ իրենց հանդիպումին ընթացքին, իրանեան բանակի սպայակոյտի պետին կողմէ »Փեթրիըթ«ներու հարցով կատարուած քննադատութեանց նկատմամբ »ընդվզում յայտնած են«:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.