
«Ամուսնալուծում Եւ Զաւակներու Խնամակալութիւն»
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան շրջանի եւ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի կազմակերպած հրապարակային չորրորդ նիստը տեղի ունեցաւ Չորեքշաբթի, 19 Դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 6-8, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ:
Նիստը նուիրուած էր «Ամուսնալուծում եւ զաւակներու խնամակալութիւն» խիստ կարեւոր նիւթին, զոր ներկայացուցին դոկտ. Մարալ Պապեան, Մարիամ Վանունց եւ Լա Քրեսենթա համայնքի հովիւ՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարելով, ներկաները ողջունեց ՀՕՄի Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Լենա Պօզոյեան, իսկ «Փեսիֆիք Քլինիքս» կեդրոնի անունով ելոյթ ունեցաւ օրուան նիւթերու համադրումը կատարող Սիւզան Տուզմանեան:
Երեկոյի առաջին դասախօսը դոկտ. Մարալ Պապեանն էր, որ ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադառնալով օրուան նիւթին, ներկայացուց ամուսնութեան եւ ամուսնալուծումի տոկոսային նուազումներուն առնչուող վիճակագրութիւն մը, ուր ամուսնացողներու 25 տոկոսէն կ՛ակնկալուի մէկէ աւելի ամուսնալուծումներ: Ըստ դասախօսին, մանուկի մը համար վիճելի երեւոյթ է համաձայնաբար ամուսնալուծուած կամ անհամաձայն ամուսնացած ծնողներու հետ ապրիլը, աւելցնելով, թէ ոմանք կը հաւատան, որ երեխաները հոգեբանօրէն աւելի լաւ կը համակերպին ամուսնալուծումներուն քան ծնողները: Նաեւ, փոքր զաւակները կրնան ենթարկուիլ բաժանումի ընկճուածութեան:
Ապա ներկայացնելով Մազլոյի նուիրապետական կարիքները, փոխանցեց, թէ սէրը եւ պատկանելիութիւնը կու գան հոգեբանական եւ ապահովական կարիքներէն ետք: Երեխային համար կարեւոր է մնայուն բնակութեան վայր մը ունենալը, միաժամանակ, սակայն, նոյնքան կարեւոր է բնականոն այցելութիւնը իրեն հետ չբնակող ծնողքին, որպէսզի լաւ յարաբերութեան մէջ ըլլայ անոնց հետ:
Օրուան երկրորդ դասախօսը Մարիամ Վանունցն էր, որ հիմնուելով իր ամուսնական եւ ընտանեկան առողջապահութեան փորձառութիւններուն վրայ՝ ներկայացուց ամուսնալուծումներու ժխտական անդրադարձը յատկապէս երեխաներուն վրայ, որոնք դատարան դիմած իրենց ծնողներուն միջեւ պատահած բոլոր իրողութիւններուն կրնան ծանօթանալ համացանցի միջոցաւ:
Գալով խնամակալութեան հարցին, ան նեղացուցիչ երեւոյթ որակեց զայն, որովհետեւ այդ գծով ընդհանրապէս դատարանը արդար լուծումներ չի տար, կէս ժամուան մէջ ճակատագրական որոշումներ կ՛առնուին, առանց նկատի ունենալու դիմացինին մշակոյթը, պայմանները եւ ապրելակերպը:
«Երբ ամուսնալուծումը անխուսափելի է, կարեւոր է, որ մեր համայնքին միջոցներ եւ զօրակցութեան աղբիւրներ ներկայացնենք, որպէսզի ենթակաները նման տհաճ փորձառութիւններէ նուազագոյն վնասը կրեն», հաստատեց Վանունց:
Օրուան երրորդ դասախօսը Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանն էր, որ նախքան ամուսնալուծման մասին խօսիլը, ան ամուսնութիւնը սահմանեց իբրեւ Քրիստոսի եւ եկեղեցւոյ միութեան խորհրդանիշ, որուն լոյսին տակ կարեւորեց հայկական առողջ ընտանիքի ստեղծումը, որ, անոր բնորոշմամբ՝ «Գաղթական դարձած հայ ժողովուրդի բաբախող սիրտն է եւ կենսունակ բջիջը, այս օտար ափերուն»:
Ապա ընդգծելով հայ ազգի ու հայրենիքի հզօրացման բանալին նկատուող հայ ընտանիքի սրբութիւնը պահպանելու հրամայականը, յստակացուց, թէ ամուսնալուծումը արտօնուած չէ Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ մէջ եւ այս իմաստով բացատրեց բոլոր այն պայմանները, զորս առաքելական եկեղեցին կը դնէ ամուսնացող զոյգերուն առջեւ: Այսուհանդերձ, տէր հայրը մատնանշեց նաեւ ամուսնալուծման տարբեր պատճառներ, որոնց կարգին են յատկապէս անչափահասութիւնը, միտքի անհասունութիւնը, ազգային եւ կրօնական տարբերութիւնները եւ մերձաւորներու հետ ամուսնացած ըլլալը:
Եզրակացնելով՝ տէր հայրը համոզում յայտնեց, որ «Հայ ընտանիքը հայկական ինքնութեան միջնաբերդն է, որուն նուիրական կամարներուն տակ է, որ պիտի դաստիարակուի եւ հասակ առնէ վաղուան հայը: Թող Աստուած անսասան, կանգուն պահէ մեր հայ ընտանիքները, որոնց սուրբ կամարներուն տակ մեր յարգարժան ծնողները պիտի կարենան դաստիարակել եւ պատրաստել մեր հոգեմտաւոր, հարուստ ժառանգութեան արժանի յաջորդներ եւ մեր Մեսրոպեան բանակին հաւատարիմ զինուորներ: Այս բարի ցանկութեամբ կը փափաքիմ, որ մեր հայ ընտանիքներուն մէջ ամուսնալուծութիւնը երբեք չդիտուի իբրեւ լուծում, այլ՝ փոխզիջողութիւնը տիրապետէ անոնց մէջ»:
Խիստ շահեկան եւ հետաքրքրական այս երեկոյի վերջին բաժինով տեղի ունեցան միտքերու փոխանակումներ, յատկապէս հայ ընտանիքներու ամուսնական կեանքը առողջ եւ յաւիտենական պահելու մարզէն ներս: Գեղեցիկ առաջարկ նկատուեցաւ, օրինակ, նշանուած զոյգերու նախքան ամուսնութիւնը, ընտանեկան սրբութեան առնչուող դաստիարակչական դասընթացքներու հետեւիլը: