ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Մեր պատմութեան համար օգտագործած ենք եկեղեցիներու արխիւներ, հայկական հանրագիտարան ու պատմական զանազան հրատարակութիւններ, իսկ վերջին 60 տարիներուն համար՝ նաեւ ականատեսներու վկայութիւններ: Արարատ եւ Մասիս գերեզմանատուները կը գտնուին 99 ազատուղիի հարաւ-արեւելք ընթացող Belmont ելքին վրայ: Արարատ գերզմանատան 10 հեքթար հողաշերտը 1885 թուականին M. J. Church անունով անձ մը նուիրած է Ֆրէզնոյի հայկական գաղութին, իբրեւ գերեզմանատուն գործածելու համար: Սկիզբը, M. J. Church-ի նուիրած հողաշերտին տարածութիւնը եղած է 20 հեքթար, սակայն այդ ժամանակուան գաղութի ներկայացուցիչները գոհացած են 10 հեքթարով միայն:
Վերոյիշեալ թուականէն սկսեալ, հոն կը թաղուին Ֆրեզնօ գաղութի ննջեցեալներն ու անուանի հայորդիները: 1919ի Յունիս 9ին կը կազմուի Արարատ գերեզմանատան առաջին ընկերակցութիւնը (յանձնախումբը)՝ հետեւեալ անձերով. Մ. Քորքմազեան, Մ. Սիմոնեան, Մ. Շուշանթ, Հ. Մ. Սարգիսեան եւ Ճ. Ճորճ Օհաննէսեան, իսկ 2009 տարեշրջանին՝ հետեւեալ անձերով. Պրուք Աշճեան, Մեկկին Պորանեան, Ֆրենք Հ. Պալիքեան, Մհեր Չեքերտեմեան, Մարթին Գրիգորեան (հրաժարած) եւ Ֆիլիփ Թաւլեան:
1967ին, Գրեզմանատան ընկերակցութիւնը կը գնէ Արարատ գերեզմանատան կից գտնուող 10 հեքթար հողաշերտը եւ իրարու միացնելով՝ կը կոչէ Արարատ-Մասիս գերեզմանատուն:
Ըստ պատմական տուեալներու՝ Ֆրեզնօ եկած հայ առաջին գաղթականները կը հանդիսանան Սերոբեան երեք եղբայրները՝ Յակոբ, Կարապետ եւ Սիմոն: Անոնք կը զբաղին երկրագործութեամբ եւ կը հիմնեն թուզի ծրարման առաջին գործարանը (Fig packing), ապա ջորիներու կարաւաններով՝ Սան Ֆրանսիսքօ կը փոխադրեն իրենց արտադրանքը՝ զգալով, որ շրջանը պէտք ունի շոգեկառքերու:
Սերոբեան եղբայրները սքանչանալով շրջանի մթնոլորտին, գեղեցկութեան եւ երկրագործութեան յարմարութիւններուն վրայ՝ նամակներ կը գրեն իրենց բարեկամներուն, որ անոնք եւս Ֆրեզնօ հաստատուին: Բարեկամներէն շատեր կ՛ընդառաջեն Սերոբեան եղբայրներու հրաւէրին եւ Ֆրեզնօ կու գան:
1883ին, Հէրի եւ Գրիգոր Առաքելեանները, միանալով Սերոբեան եղբայրներուն՝ 3 հազար էքըր հողաշերտին վրայ կը մշակեն Casaba եւ պարսկական սեխերու տարբերակներ, ապա՝ 1883-1918 տարիներուն, կը ճանչցուին «Melon Kings» անունով: Անոնք նաեւ կը հիմնեն Mission Bell գինեգործարանը:
Երկրագործութեամբ կը զբաղի նաեւ Գրիգոր Ասլանեան. ան ծծումբով կը պատրաստէ դեղնորակ չամիչը, իսկ Ա. Մինասեանը առաջին անգամ կը մշակէ պիստակը եւ զայն շուկաները կը ցրուէ:
Հենրի Մարգարեանը եւ Հայկ Պէրպէրեանը յանձն կ՛առնեն թուզի առաքումը դէպի Ամերիկայի բոլոր նահանգները, իսկ Պէրպէրեանը «Ընկոյզի թագաւոր» կը հռչակուի:
Երկրագործութեան մէջ մեծ հռչակ կը վայելեն նաեւ Փիլիպոսեանները, Լեւոն Յակոբեան, Սեդրակեան, Փարնաքեան, Սահաթճեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ. այս բոլորին գործունէութեան պատկերը ներկայացնելը լայնածաւալ ուսումնասիրութեան եւ աշխատանքի կը կարօտի: Փափաքելի է, որ ուսումնասիրուի եւ հանրութեան ներկայացուի «Ֆրեզնոյի երկրագործութեան պատմութիւնը»:
Սերոբեան եղբայրներէն Յակոբը կը թաղուի Արարատ գերեզմանատան մէջ. հաւանական է նաեւ, որ միւս երկու եղբայրներն ալ հոն թաղուած ըլլան, ինչպէս նաեւ՝ ժամանակի ընթացքին հայ անուանի անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ Էկինեան Հայկակը, որ 1888ին, Նիւ Ճըրզի քաղաքին մէջ կը հրատարակէ «Արեգակ»ը՝ ԱՄՆի առաջին հայկական թերթը: Էկինեան Հայկակի գերեզմանաքարին վրայ կը կարդանք հետեւեալ գրութիւնը, որ առնուած է իր քերթուածներէն.
Երբ մարմինս անշնչանայ, ամփոփեցէք զայն ի հող,
Շիրմիս վրայ տապանագիր, գրէք միայն երկու տող,
Ըսէք, թէ հոս կը ննջէ մի հայ, որ կարօտով իր երկրին,
Իր հայրենեաց, իր սիրելեաց, փչեց զշունչ իւր յետին:
Էկինեան Հայկակ, հայրենիքի եւ սիրելիներուն կարօտը սրտին՝ կը մահանայ 25 Մարտ 1919ին, իր ծննդավայր Տիգրանակերտէն մղոններ հեռու այս օտար ափերուն վրայ եւ կը թաղուի Ֆրեզնոյի Արարատ գերեզմանատան մէջ: Նշենք, որ Էկինեան Հայկակ ծնած է 1865ին, Տիգրանակերտ. կրթութիւնը ծննդավայրին մէջ ստանալէ ետք, 18 տարեկանին կը մեկնի Ամերիկա եւ կը թղթակցի ժամանակի թերթերուն՝ «Արեւելք»ի, «Մասիս»ի, «Մշակ»ի: Ան կը հրատարակէ նաեւ զանազան հայկական թերթեր:
Նաեւ, 1930ին, վերապատուելի Մանասէ Փափազեանը Տէր Զօրէն կը բերէ անծանօթ հայորդիի մը աճիւնը եւ զայն կը թաղէ Արարատ գերեզմանատան մէջ:
Յաջորդիւ պիտի ներկայացնենք, Արարատ գերեզմանատան մէջ թաղուած Զօրավար Անդրանիկը, Սողոմոն Թէհլիրեանը եւ Ուիլեըմ Սարոյեանը: