
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան Ամանորը դիմաւորած է Հայաստանի մէջ՝ իր ընտանիքին հետ։ «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ այս մասին ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնած է, որ Նոր տարուան առիթով տօնածառին համար գեղեցիկ խաղալիքներ գնած է, թոռնիկին հետ զարդարած է ծառը՝ ինք եւս ուրախութիւն ապրելով։ Տան վերաբերող գնումները կատարած են կինն ու որդին։ Վարդանեաններու ընտանիքի ամանորեայ ծախսը 300-400 հազար դրամ է:
Ձմեռ պապ եւ Ձիւնանոյշ չեն կանչած: «Ես ինքս Ձմեռ պապի եմ. Ձիւնանոյշներն էլ տանը լիքն են: Ցանկութիւններս էլ բացայայտ չեմ ասում, Ձմեռ պապը գիտի՝ ինչ է բերելու», յայտնած է դաշնակցական պատգամաւորը: Ան կը փորձէ խուսափիլ «բոնբոնեռկա, կոնեակով» այցելութիւններէն, անոր այցելութեան կու գան հարազատներն ու մտերիմները։
«Իմ մանկութիւնը անցել է Նախիջեւանում՝ սարերի մէջ կորած մի գիւղում, եւ այն ժամանակ շատ աւելի պարզ էին եւ Նոր տարին, եւ բոլոր մարդկային յարաբերութիւնները», յայտնած է Աղուան Վարդանեանը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Վիշապէն գո՞հ է, ան պատասխանած է. «Բոլորից էլ գոհ եմ», իսկ այս տարուան ակնկալութիւնները ամփոփած է մէկ նախադասութեամբ. «Օձի թոյնը բուժիչ է, թող կծի»: