ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ փոխանցուած տեղեկութիւններուն համաձայն, 18 Փետրուար 2013ին Հայաստանի մէջ կայանալիք նախագահական ընտրութիւններուն իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են 15 անձնաւորութիւններ։
29 Դեկտեմբերին իրենց թեկնածութիւնը առաջադրած են Ազատութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Հրանտ Բագրատեանը, անկուսակցականներ Նարինէ Մկրտչեանը, Արման Մելիքեանն ու Պաւլիկ Սարգսեանը:
Առաջադրուելու իր որոշման մասին յայտարարած էր նաեւ Ժառանգութիւն կուսակցութեան առաջնորդ Րաֆֆի Յովհաննիսեանը: Իրենց թեկնածութիւնը առաջադրելու փափաք յայտնած են նաեւ պատմաբան-մանկավարժ Մարտիկ Սարգսեանը եւ նախկին դաշնակցական Յովիկ Աղազարեանը:
27 Դեկտեմբերին Կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին ներկայացուած են Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան առաջնորդ, գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանի փաստաթուղթերը: Իբրեւ պաշտօնական թեկնածու արձանագրուելու նպատակով համապատասխան փաստաթուղթեր ներկայացուցած են նաեւ վերլուծաբան Անդրէաս Ղուկասեանը, անկուսակցական Մհեր Հայրապետեանը, Ազգային ինքնորոշում միաւորում կուսակցութեան նախագահ Պարոյր Հայրիկեանը եւ անկուսակցական, դիւցազնագէտ Վարդան Սեդրակեանը, Ազգային համաձայնութիւն կուսակցութեան ղեկավար Արամ Յարութիւնեանը, Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախկին նախարար Արման Մելիքեանը: 1–2 Յունուարին իրենց փաստաթուղթերը փոխանցած են նաեւ Հայաստանի մարտական քարաթէ քուպուտոյի ազգային ֆետերասիոնի նախագահ Տարօն Աբրահամեանը եւ «Քաշաթաղ» կազմակերպութեան նախագահ Ռոպերթ Սիմոնեանը, ինչպէս նաեւ «Ժամանակի էութիւն» ընկերային շարժման համադրող Ռոբերտ Ահարոնեանը։
Նշենք, որ թեկնածութեան անհրաժեշտ փաստաթուղթերը յանձնաժողովին պէտք է հասած ըլլան մինչեւ 4 Յունուար, իսկ արձանագրութիւններուն վերջնական ժամկէտը 14 Յունուար է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.