Հանդիպում՝ Ուսումնական Մարմիններուն, Տնօրէններուն, Փոխտնօրէններուն Եւ Մանկամսուրներու Վարիչներուն Հետ
Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 18, 2012ի երեկոյեան ժամը 7ին Հոլիվուտի Հայ կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինին կողմէ հրաւիրուած հանդիպում մը, որուն հրաւիրուած էին մասնակցելու Ազգային վարժարաններու Ուսումնական մարմինները )School Board(, տնօրէնները, փոխտնօրէններն ու մանկամսուրներու վարիչները։
Վերջին երկու ամիսներուն ընթացքին Խնամակալ մարմինը կատարած էր Ազգային վարժարաններու Ուսումնական մարմիններու նշանակումները, որոնք համալրուած էին նոր ու երիտասարդ անդամներով։ Այս հանդիպումի նպատակն էր Ուսումնական մարմիններուն ներկայացնել Ազգային վարժարաններու կրթական համակարգի կառոյցը, կանոնագրութեամբ ճշդուած անոնց պարտաւորութիւններն ու իրաւասութիւնները, ինչպէս նաեւ միասնաբար քննել Ազգային վարժարաններու ուսումնական, վարչական ու տնտեսական կեանքին հետ առնչուող հարցերը, եւ ներկայացնել Խնամակալ մարմինի յառաջիկայ երկու տարիներու աշխատանքի ընդհանուր պատկերացումը։
Հանդիպումին բացումը կատարելով Խնամակալ մարմինի համաատենապետ Մակի Սարգունի, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, բարձր գնահատելով նոր սերունդի դաստիարակութեան գործին մէջ անոնց ունեցած կենսական դերը։
Այնուհետեւ Խնամակալ Մարմինի համաատենապետներ Մակի Սարգունի եւ Սագօ Պէրպէրեան տեսասահիկներու ցուցադրութեամբ նախ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուցին Ազգային վարժարաններու կրթական համակարգի կառոյցը, կանոնագիրով նախատեսուած մարմիններու իրաւասութիւններն ու պարտաւորութիւնները, ինչպէս նաեւ անոնց միջեւ աշխատանքի եւ իրաւասութեանց դասաւորումը։
Ներկայացման երկրորդ մասը կ՛ընդգրկէր Ազգային վարժարաններու աշխատանքի տարբեր բնագաւառներուն գծով անհրաժեշտ տեղեկութիւններ, համեմատական ցուցատախտակներ եւ վիճակագարական տուեալներ։ Իսկ երրորդ եւ վերջին մասով Խնամակալ մարմինի համաատենապետները ներկայացուցին Խնամակալ մարմինին կողմէ առաջացուած աշխատանքային խումբերը )Task Force(, առանձին-առանձին նշելով անոնցմէ իւրաքանչիւրին կատարելիք աշխատանքները։ Իր երկամեայ ծրագիրի մշակման ծիրէն ներս Խնամակալ մարմինը ցարդ առաջացուցած է Կրօնի եւ բարոյագիտութեան դասածրագրի մշակման, հայեցի դաստիարակութեան, տնտեսական եւ իրաւական հարցերու, աշակերտական ուղեցոյցի, ինչպէս նաեւ անձնակազմի ուղեցոյցի վերանայման ու վերամշակման եւ (Stanford) 10 քննութիւններու արդիւնքներու ամփոփման ու վերլուծման աշխատանքային խումբեր։ Նշուեցաւ որ այս աշխատանքային խումբերէն իւրաքանչիւրը աշխատանքի լայն դաշտ մը ունի իր առջեւ, որոնց իրագործումը եւ յաջողութիւնը պայմանաւորուած է մեր բոլորի համագործակցութեամբ։
Համաատենապետները նշեցին նաեւ, որ Խնամակալ մարմինը տակաւին կը շարունակէ իր երկամեայ ծրագիրի մշակման աշխատանքը, որ վերջին տարիներուն հետզհետէ աւելի ընդգրկուն ու տարողունակ կը դառնայ, իբրեւ արդիւնք՝ մեր վարժարաններու արձանագրած ուսումնական գնահատելի նուաճումներուն, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւ արդիւնք նոր ժամանակներու մանկավարժական արդիական ընկալումներուն, ո-րոնց հետ քայլ պահելու հարկադրանքին առջեւ կը գտնուինք հաւաքաբար։
Համաատենապետներու կատարած ներկայացումէն ետք ներկաները առիթը ունեցան լուսաբանական հարցումներ ուղղելու եւ միասնաբար քննարկելու Ազգային վարժարաններու առաքելութեան եւ ամէնօրեայ աշխատանքներուն հետ առնչուած հարցերը։
Հանդիպումին փակումը կատարելով Խնամակալ մարմինի համաատենապետ Սագօ Պէրպէրեան. իր եզրափակիչ խօսքին մէջ շեշտը դրաւ համագործակցութեան սկզբունքին վրայ, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական պատասխանատուութեան ոգիով յաջողութեամբ պսակել ուսումնական առաքելութիւնը։
Հանդիպումի աւարտին՝ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան տօներուն առիթով տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկաները բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։