
Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Հայաստանի, Եւրոպայի եւ ԱՄՆի հասարակական գործիչները, գիտնականները եւ քաղաքագէտները պիտի համախմբուին Եւրոպահայերու երրորդ համագումարին, որ տեղի պիտի ունենայ 4-5 Մարտ 2013ին՝ Պրիւքսէլի մէջ: Համագումարին երկրորդ մասը տեղի պիտի ունենայ Եւրոպական խորհրդարանին մէջ:
Առաջին նիստին՝ Մարտ 4ին, ուշադրութեան կեդրոնին պիտի ըլլայ Եւրոպայի տարածքին բնակող հայութեան դիմագրաւած մարտահրաւէրները, որոնք պիտի արծարծուին Եւրոպահայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Ինքնութեան, մշակոյթի եւ լեզուի հարցերուն զուգահեռ, պիտի քննարկուին նաեւ քաղաքական հարցեր, ինչպէս՝ Եւրոպայի մէջ թուրք-ազերիներու միացեալ ճակատին դիմակայելը, Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնակները, Ցեղասպանութեան ժխտման եւ դրժողականութեան քրէականացումը, ԼՂՀ միջազգային ճանաչումը: Առաջին մասի զեկուցողները պիտի ըլլան Արեւելեան եւ Արեւմտեան Եւրոպայի, ինչպէս նաեւ Հայաստանէն ներկայացուցիչներ: Երկրորդ օրը՝ Մարտ 5ին, համագումարը Եւրոպական խորհրդարանին մէջ խորհրդարանի մեծագոյն քաղաքական խումբին՝ Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութեան, հովանաւորութեամբ, պիտի քննարկէ Եւրոպական Միութեան պատասխանատուութիւնը՝ կանխելու եւ պաշտպանելու հարցով՝ հիմք ընդունելով «Ցեղասպանութիւնը եւ միջազգային օրէնքը»: Պիտի որոնուին եւ քննարկուին նաեւ «Հարաւային Կովկասի համար նոր հեռանկարներ»:
Ըստ Հայ Դատի գրասենեակին՝ այս օրերուն, երբ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւնները աւելի քան երբեք ջերմ են, ինչպէս նաեւ բարձրագոյն մակարդակի այցելութիւններ տեղի կ՛ունենան, Հայաստանի համապատասխանեցումը եւրոպական չափանիշներուն ա՛լ աւելի կը մօտենայ, եւրոպահայերու երրորդ համագումարը յարաբերութիւններու բոլոր կողմերը կը քննարկէ, կը զրուցէ եւ կ՛առաջարկէ յառաջխաղացման նոր ուղիներ: Համագումարին պիտի մասնակցին ԵՄ բարձր մակարդակի ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի քաղաքական խումբերու ներկայացուցիչներ, Եւրոխորհրդարանի անդամներ, խորհրդարանական պատուիրակութիւններու եւ կուսակցութիւններու անդամներ, ղեկավարներ՝ քաղաքական ոլորտի բոլոր խաւերէն, թէ ԵՄէն եւ թէ Հայաստանէն: