ԼԻՆՏԱ ԳԱՆՏԻԼԵԱՆ
Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ի յետմիջօրէին մեծ խանդավառութիւն կը տիրէր Քրեսենթա Հովիտի Հայ կեդրոնէն ներս: Խումբ մը պատանիներ եւ երիտասարդներ հաւաքուած էին Հռիփսիկ Շաթիկեանի եւ Մելինէ Քէօսեանի առաջնորդութեամբ:
Այդ շաբթուան պատանիներու համախմբումը ունէր տարբեր բնոյթ. անոնք իրենց ազգային, հայրենասիրական եւ դաստիարակչական աշխատանքներու կողքին, նաեւ գործնական ծրագիր մը պիտի իրագործէին՝ ի գոհունակութիւն իրենց եւ շրջապատին:
20 եւ աւելի պատանիներ իրենց աշխատանքով հանգանակած կոկիկ գումարը, առաջնորդներու թելադրանքով եւ կազմակերպութեամբ, տրամադրեցին ՀՕՄի Հոլիվուտի «Մայր» մասնաճիւղի կարիքաւոր ընտանիքի մը՝ անձնապէս այցելելով անոր:
Պատանիները մեծ գոհունակութեամբ ականատես եղան տօնական օրերու նախօրեակին այդ ընտանիքին ապրած ուրախութեան՝ միաժամանակ մարդկային դժուարութիւները մեղմացնելու եւ ուրիշի մը ուրախութիւն պատճառելու անանձնական փորձառութիւնը շահելով:
ԽԱՂԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՀԱՒԱՔ
Հայ կեդրոնի «Outreach» յանձնախումբը, իր աշխոյժ գործունէութեան շարքին իրականացուց նաեւ մարդասիրական այլ ծրագիր մը՝ Կաղանդի մանկական խաղալիքներու հաւաք, խաղալիքներ տրամադրելով Մոնթրոզ քաղաքի հրշէջներու կեդրոնին ու հաւատալով, որ տօնական օրերուն իւրաքանչիւր մանուկի իրաւունքն է ուրախանալ եւ խաղալիքներ ստանալ:
Այս սկզբունքէն մեկնած, յանձնախումբը Դեկտեմբեր ամսուան ընթացքին կազմակերպեց խաղալիքի հաւաք մը: Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 21ի երեկոյեան, «Զաւարեան» կոմիտէի ընկերները, յանձնախումբի անդամները եւ կեդրոնի պատանիները իրենց առաջնորդ ընկերուհիներուն եւ ծնողներուն հետ քալելով ուղղուեցան դէպի հրշէջներու կեդրոնը եւ յանձնեցին հաւաքուած խաղալիքները:
Հրշէջները ուրախութեամբ եւ գոհունակութեամբ ընդունեցին այս մեծ խումբը, որ տօնական առիթով երկու խոշոր սնտուկ խաղալիք տրամադրեց շրջանի կարիքաւոր մանուկներուն: Լա Քրեսենթայի քաղաքապետութեան ներկայացուցիչ Հերի Լիոն շնորհակալութիւն յայտնեց հրշէջներուն կատարած մեծ աշխատանքին համար, որ կը նպաստէ շրջանը ապահով եւ անվտանգ պահելու գործին, ապա իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն՝ զանոնք խրախուսեց, որ օրինակ առնեն անձնուէր աշխատող հրշէջներէն եւ այսօրուան նուիրահաւաքին իրենց մասնակցութիւնը դարձնեն սովորութիւն, որովհետեւ յառաջիկային իրենք պիտի դառնան այսպիսի ծրագիրներ մշակողները:
Ուրախ էին ե՛ւ պատանիները, ե՛ւ հրշէջները, որոնք հաճելի զրոյց ունեցան իրարու հետ, մանաւանդ երբ մօտէն ծանօթացան անոնց ինքնաշարժներուն եւ նկարուեցան:
Խումբը վերադարձաւ կեդրոն՝ գոհ մնալով իր կատարած բարեսիրական եւ միաժամանակ դաս-տիարակչական գործունէութե-նէն:
Այս գործունէութեան յաջորդեց պատանիներու Կաղանդի խրախճանքը: Անոնք իրենց ծնողներուն հետ միասնաբար հաճելի երեկոյ մը անցուցին, Կաղանդի ծառին շուրջ բոլորուած՝ միասին ճաշեցին եւ ուրախացան, ծրագրելով ապագայի նոր գործունէութիւններ: Նոր ծրագիրներու ակնկալութեամբ յաջողութիւն կը մաղթենք մեր պատանիներուն:
Վարձքը կատար յանձնախումբի իւրաքանչիւր անդամի եւ բոլոր աջակցողներուն: