ՆԻՒԹԱՈՒՆ, Քընեթիքեթ, «Էյ.Փի.».- Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 14ին, 24ամեայ զինեալ մը ներս խուժած է Նիւթաուն քաղաքի մանկապարտէզ-նախակրթարաններէն մէկը՝ սպաննելով աշակերտներ եւ ուսանողներ: Ոստիկանութիւնը հաղորդեց, թէ զինեալը սպաննուած է տեղւոյն վրայ, իսկ այլ կասկածելի մը ձերբակալուած է:
Ըստ ոստիկանական աղբիւրներու՝ սպաննուած են 20 աշակերտներ, մեածմասնութեամբ՝ մանկապարտէզէն, իսկ զոհերուն ընդհանուր թիւը հասած է 27ի: Զոհ մը գտնուած է նաեւ ոճրագործի բնակարանին մէջ, իսկ դպրոցէն ներս զոհերէն մէկը՝ ոճրագործին մայրն էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.