ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Անգլիոյ խորհրդարանի հրեայ ծագումով երեսփոխան Ճերըլտ Քաուֆման, թրքական «Անատոլու» գործակալութեան հետ զրոյցի մը ընթացքին Իսրայէլի ղեկավարներու հասցէին անսովոր նախատինքներ ըրած է: Ան 1970էն ի վեր Աշխատաւորական կուսակցութենէն երեսփոխան է եւ կը թուի, թէ բնաւ համակրանք չունի Իսրայէլի այսօրուան ղեկավարներուն եւ անոնց վարած քաղաքականութեան նկատմամբ։
«Իսրայէլ պատերազմական յանցագործ է: Եթէ ուրիշ պետութիւն մը ըրած ըլլար այն բաները, որոնք Իսրայէլի կողմէ կատարուեցան Կազայի դէմ, աշխարհի բոլոր երկիրները պիտի պախարակէին զայն, բայց Իսրայէլ հաշիւ չի վճարեր։ Ի՞նչ է պատճառը։ Որովհետեւ Ամերիկա եւ Եւրոպա իրենք զիրենք յանցաւոր կը նկատեն հրեաներուն դէմ գործուած ցեղասպանութեան համար», ըսած է ան։ Քաուֆման Իսրայէլի ներկայ ղեկավարները «տխմարներ» որակած է, իսկ արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը՝ «սարսափազդու»։
Ան քննադատած է Իսրայէլի կառավարութիւնը, որովհետեւ վերջինս կը մերժէ բանակցիլ պաղեստինեան «Համաս» կազմակերպութեան հետ, հակառակ անոր, որ «Համաս» ընտրութեամբ իշխանութեան գլուխ հասած է։
Քաուֆման յոյս յայտնած է, որ Իսրայէլ ուշ կամ կանուխ հասկնայ տարածաշրջանի ճշմարտութիւնները, որովհետեւ՝ «անիկա չի կրնար շահիլ այս պատերազմը»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.