Էջը Պատրաստեց՝
ԹԱՄԱՐ ԹԻՒՖԷՆԿՃԵԱՆ-ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ
Կը շարունակենք նախորդ թի-ւով ներկայացուած մանրամասնութիւնները.
Եոկա ըրէք եւ տարբերութիւնը զգացէք
Այն կիները, որոնք եոկա կը փորձեն շատ աւելի շուտ կշիռք կրնան կորսնցնել քան անոնք, որոնք եոկա չեն ըներ: Եոկան կը հաւասարակշռէ մեր ուտելու հանդէպ ունեցած մօտեցումը: Ուսումնասիրողներ նկատած են, որ ճաշարաններէն ներս հրամցուած մեծ բաժիններն անգամ, եոկա ընողներուն կողմէ աւելի չափաւոր կերպով կը սպառին, մինչ անոնք, որոնք եոկա չեն ըներ՝ աւելի կուտեն: Եոկա ընողները ինքնազսպումը նաեւ կը յաջողցնեն ուտելու պարագային:
Տունը ճաշեցէք
Տունը պատրաստուած ճաշեր կերէք առնուազն շաբաթական հինգ անգամ: Դուրսը պատրաստուածը շատ աւելի տարբեր ու ոչ սննդարար ձեւերով պատրաստուած կ՛ըլլան: Տունը պատրաստելը աւելի դիւրին ու արագ է, եթէ որոշ ձեւեր որդեգրէք: Օրինակ, փորձեցէք նախապէս կտրտուած աղցաններ ունենալ, որոնց վրայ տնական թացաններ կրնաք թափել եւ ուտել: Աւելի համեղ ու շատ աւելի հեշտ է, առաւել սննդարար են անոնք: Կամ ջարդուած փափուկ միսը պատրաստ ունեցէք ֆահիթայի համար:
Դադարի պահը մի անտեսէք
Շատ անգամ կերած ատեն կը նկատէք, որ ձեր պատառաքաղը վար դնելով նշան կու տաք թէ կշտացած էք: Մի անտեսէք այդ պահը եւ անպայման այդպէս վարուեցէք: Վար դրէք պատառաքաղը, հանգիստ եղէք եւ սեղանի շուրջ խօսակցութիւնը վայելեցէք: Այս ձեւը նշան է կշտանալու եւ պատճառ մըն է իմաստուն կերպով հեռանալու սեղանէն եւ ոչ թէ ստամոքսը թխմելով ծանրաբեռնելու:
Անուխի ուժեղ համով ծամոն
օգտագործեցէք
Առանց շաքարի անուխի համ ունեցող ծամոնը հեռու կը պահէ ձեզ թեթեւ պատառիկ ուտելու փորձութենէն: Գործէն ետք ճաշ պատրաստելու, ընկերներու հանդիպու, հեռատեսիլ դիտելու կամ համացանցը քրքրելու պահերուն ամէնէն շատ աննպատակ ուտելու պահերը կրնանք ապրիլ: Ուշադիր եղէք եւ անպայման այդ պահերուն ձիւթ ծամեցէք, որպէսզի այդ փորձութենէն հեռու մնաք: Այդ համէն ետք ընդհանրապէս միւս ուտելիքներ համեղ չեն թուիր ձեզի:
Ճաշի պնակներուն չափը փոքրացուցէք
Խուսափեցէք մեծ պնակներէն: 10 «ին»չ պնակը բաւարար է ընթրիքի համար: Դոկտ. Քորնել Պրայըն Ուանսինք անունով մասնագէտ մը փաստած է, թէ պնակներուն չափը պակսեցնելով 100-200 ջերմուժ պակսեցուցած է օրական ընթրիքի ժամանակ եւ հետեւաբար տարեկան 10-20 փաունտ կորսնցնելու հնարաւորութիւն ստեղծուած է այդպէս:
Ճիշդ քանակով կերէք
Ընդհանրապէս այն անձերը, որոնք ուշադրութիւն կը դարձնեն իրենց մարմնին, շատ աւելի կազմակերպուած կըլլան եւ չեն աւելցներ իրենց կշիռքը: Ուշադիր եղէք եւ եթէ վարժեցնէք դուք ձեզ ճիշդ չափերուն երբեք չէք շուարիր ու միշտ չափաւոր կուտէք:
80-20 օրէնքը գործադրեցէք
Այս կը նշանակէ բնականաբար կշիռք կորսնցնելու համար 80% կերէք ձեր ճաշերուն ու մնացեալը զանց առէք իւրաքանչիւր անգամ: Վերոյիշեալ Դոկտորի ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, այս մէկը լաւագոյն բնական միջոցը կը համարուի կշիռքի կառավաըման համար:
Բաժնէ պատառդ ընկերոջդ հետ
Երբ որեւէ առիթով ճաշարան երթաք, ջանացէք հաճոյքը ապրիլ, սակայն նուազագոյն վնասով դուրս գալ: Այս գծով քանի մը խորհուրդ.
Պնակդ կիսէ ուրիշ ընկերոջ մը հետ:
Աղանդեր պատուիրէ իբրեւ ճաշատեսակ:
Եթէ ամբողջական պնակ մը պատուիրեցիր, ապա սկիզբէն կիսել տուր, որպէսզի մաս մը հետդ տուն տանիս եւ յետագային ուտես:
Միշտ փոքր պնակ մը պատուիրէ եւ մեծ քանակով աղցան ուզէ անոր հետ:
Թացանը թող միշտ ըլլայ պարզ
Աղցանները կամ հիմնական ճաշերը պատուիրելու ժամանակ պարզ թացաններուն տուէք նախընտրութիւնը: Կարմիր թացանները նուազ ջերմուժ կը պարունակեն քան ճերմակները: Աղցաններու պարագային քացախով ու կիտրոնով թացանները շատցուցէք: Երբեմն միւսները գործածեցէք, բայց յաճախ պարզը թող ըլլայ ձեր նախընտրութիւնը, ժամանակի ընթացքին սովորութիւն կըլլայ այդ մէկը:
Յաճախ առանց միսի թող ըլլան ձեր ընտրած ճաշի տեսակները
Երբեմն միսով տեսակներ սպառեցէք, սակայն նախընտրաբար նորէն առանց միսի ճաշերը թող ըլլան ձեր ցուցակին վրայ: Առանց միսի պնակները բաւական հարուստ են բնաթելով, հետեւաբար կուշտ կը պահեն ու նուազ ջերմուժ կը պարունակեն:
Օրական 100 ջերմուժ աւելի սպառեցէք
Տարեկան 10 փաունտ կորսնցնելու համար օրական 100 ջերմուժ կորսնցնելու ծրագիր մշակեցէք: Օրական մէկ մղոն պէտք է քալէք, շուրջ 20 րոպէ: Պարտէզին մէջ աշխատեցէք մօտաւորապէս 10 րոպէ: Խոտերը հնձեցէք, որպէս մարզանք: Տունը մաքրեցէք 30 րոպէ եւ թեթեւ վազեցէք շուրջ 10 րոպէ:
Այս թող ըլլայ ձեր առնելիք որոշումը այս տարուան համար:
Յաջողութիւն: