
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- 14 Դեկտեմբերին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ազգային Ինքնորոշում միաւորման առաջնորդ Պարոյր Հայրիկեան դիտել տուած է, որ կարելի չէ բնական նկատել քաղաքական երկրորդ հզօր ուժին կեցուածքը՝ նախագահական ընտրութիւններուն սեփական թեկնածու չառաջադրելու եւ ընդհանրապէս ընտրութիւններուն չմասնակցելու։ «Ես չեմ կարող ասել, թէ ինչու Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը այդպիսի որոշում կայացրեց, բայց կարծում եմ, որ նրանք առաջիկայում կը պարզաբանեն եւ հանրութեանը հասանելի կը դարձնեն իրենց որոշման պատճառները», նշած է ան՝ աւելցնելով, որ իրեն համար վերոնշեալ յայտարարութիւնը ոչինչ կը փոխէ: Այնուամենայնիւ, ան արտայայտած է այն կարծիքը, որ հաւանաբար Գագիկ Ծառուկեանի Եւրոպա տուած այցելութեան ընթացքին անոր հասկցուցած են, թէ չի կրնար միեւնոյն ատեն գործարար եւ երկիր ղեկավար ըլլալ: Անոր համաձայն, պատմութիւն չունեցող ու քաղաքական ասպարէզ նոր մտած կուսակցութիւնները պէտք է ուշադիր ըլլան իրենց առած քայլերուն նկատմամբ, որովհետեւ յառաջիկայ ընտրութիւններուն չմասնակցելու մասին յայտարարութիւնը շատ վտանգաւոր կրնայ ըլլալ։
Պարոյր Հայրիկեան դիտել տուած է, որ ԲՀԿն կրնայ մասնակցիլ նախագահական ընտրութիւններուն՝ ընդգծելով, որ տրուած որոշումը պահուան ազդեցութեան տակ դրսեւորուած կրնայ ըլլալ։ Անոր կարծիքով, չառաջադրուելու եւ ոչ ոքի չսատարելու մասին յայտարարութիւնը կը վերաբերի անձամբ Գագիկ Ծառուկեանին եւ առաւելագոյնը կուսակցութեան ղեկավար մարմիններուն: «Կուսակցութեան անդամները ազատ մարդիկ են եւ նրանց համար կուսակցութիւնից բարձր հայրենիքն է կանգնած», նշած է ան։
Եզրափակելով՝ ԱԻՄի առաջնորդը տեղեկացուցած է, որ ինք պիտի առաջադրուի եւ եթէ համագործակցութեան առաջարկներ ներկայացուին, ինք պատրաստ է ընդառաջելու,սակայն ոեւէ մէկուն համար իր թեկնածութիւնը յետս պիտի չկոչէ։