Շաբաթ, 13 Հոկտեմբեր 2012ը պատմական օր մը հանդիսացաւ Լաս Վեկասի ՀՄԸՄասէր հասարակութեան համար: Տեղւոյն ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղի 15ամեակն էր, որ մեծ շուքով նշուեցաւ «Թրոփիքանա» պանդոկի «Փաւիլեըն» սրահին մէջ, ուր համախմբուած էին մեծ թիւով ՀՄԸՄականներ եւ համակիրներ՝ հպարտանքը ապրելու ՀՄԸՄ այն մասնաճիւղին, որ ամբողջ 15 տարիներ ներկայութիւն եղաւ Լաս Վեկասի մէջ եւ փորձեց իր շուրջ համախմբել շրջանի երիտասարդութիւնը՝ մարզական եւ սկաուտական իր շարքերուն ընդմէջէն:
Հոն էին Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Աւետիս Աւագ քհնյ. Թորոսեան, ՀՄԸՄի Շրջ. վարչութեան փոխատենապետ Փիեռ Մանուկեան, տեղւոյն ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի, ՀՕՄի «Շուշի» մասնաճիւղի, շրջանի նորակառոյց եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան եւ ՀՄԸՄի տեղւոյն ու քոյր մասնաճիւղներու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄականներ, համակիրներ եւ բազմաթիւ հիւրեր:
Ժամը 7-8 ընկերային հաճելի ժամ էր, որմէ ետք մասնակիցները ուրախութեամբ գրաւեցին իրենց տեղերը՝ սկսելու համար օրուան խրախճանքը:
Ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբի անունով ներկաները ողջունեց Հուրի Տարագճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց ձեռնարկի մասնակիցներուն՝ իրենց քաջալերական մասնակցութեան համար: Ան շրջանի հայութեան անունով հպարտանք յայտնեց տեղւոյն հայկական գաղութի հզօրացման համար, որ օրէ օր կ՛ընդարձակուի ՀՄԸՄի խտացող շարքերով, ՀՕՄի Շաբաթօրեայ վարժարանի աշակերտութեամբ ու ընթացող շինարարական աշխատանքներով: Իսկ եզրակացնելով իր խօսքը Պարոյր Սեւակի գօտեպնդիչ բառերով՝ ան ընդգծեց. «Մենք քիչ ենք, սակայն մեզ հայ են ասում: Կա՛նք, պիտի լինե՛նք ու դեռ շատանանք»: Ապա հրաւիրեց ներկաները՝ յոտնկայս ունկնդրելու Ամերիկայի, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄի քայլերգները, զորս նուագեց «Քնար» նուագախումբը:
Սեղանները օրհնեց եւ ՀՄԸՄի Լաս Վեկասի «Արցախ» մասնաճիւղին բարի երթ մաղթեց Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ հովիւ Աւետիս Ա. քհնյ. Թորոսեանը:
Ընթրիքէն ետք գործադրուեցաւ պաշտօնական կարճ ու կոկիկ յայտագիր մը, որուն հանդիսավարութիւնը կատարեց կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետ Վրէժ Թասլաքեանը, որ ոչ միայն «Արցախ» մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եղած էր, այլեւ երկար տարիներ վարած էր սկաուտական շարքերու սկաուտ խմբապետի պատասխանատու պաշտօնը:
Ան, առաջին հերթին, հրաւիրեց ներկաները յոտնկայս յարգելու յիշատակը մասնաճիւղի այն անդամներուն, որոնք ՀՄԸՄականի իրենց պարտականութիւնը կատարած եւ գեղեցիկ յուշեր ձգելով՝ հրաժեշտ տուած էին այս աշխարհին. անոնք էին՝ հիմնադիր անդամներ Չագ Մրլեան եւ Գրիգոր Գասապեան, անցեալի վարչական Երուանդ Տէմիրճեան եւ պասքեթպոլի սիրուած մարզիչ Նարեկ Օգնայեան:
Ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք անցնող 15ամեակին օգտակար հանդիսացած էին մասնաճիւղի վերելքին. այդ իմաստով՝ ան յատկապէս մատնանշեց եւ բեմ հրաւիրեց Մարօ Քէշիշեանը, Սարգիս Մահսէրէճեանը, զոր ներկայացուց դուստրը՝ Արտան, նաեւ Կարօ Անթիքաճեանը, Վազրիկ Մաքարեանը, Արթըր Գասարճեանը, Հայկ Ադամեանը: Առ ի երախտագիտութիւն, անոնք մասնաճիւղի Պատուոյ կնքամայր-կնքահայրերը յայտարարուելով՝ իւրաքանչիւրին յանձնուեցաւ համապատասխան փողկապը, մասնաճիւղի խմբապետուհի Դալար Տարագճեանի եւ Միրնա Տէմիրճեանի կողմէ:
Իրեն ընծայուած պատիւին համար շնորհակալական ելոյթ ունեցաւ Մարօ Քէշիշեանը, որ շնորհաւորելով օրուան ձեռնարկը՝ վստահեցուց, թէ այս մասնաճիւղի գոյատեւումը կասկածէ վեր է, այնքան ատեն, որ շրջանի հայութիւնը թիկունք կը կանգնի անոր:
Սրտի իր խօսքը փոխանցեց նաեւ մասնաճիւղի հիմնադիր անդամներէն Կարօ Անթիքաճեանը, որ շնորհաւորելով մասնաճիւղի 15ամեակը՝ իր հրճուանքը յայտնեց դժուարութիւններու յաղթահարման եւ շրջանէն ներս անոր տիրական ներկայութիւն ըլլալու ուրախ առիթին համար, ապա կոչ ըրաւ ներկաներուն՝ միշտ թեւ ու թիկունք կանգնելու մասնաճիւղին, որ անկասկած իր աշխատանքով ոչ միայն երիտասարդութիւնը կը համախմբէ իր շուրջ, այլեւ կը նպաստէ անոնց հայեցի դաստիարակութեան:
Վրէժ Թասլաքեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, իրենց զօրակցութեան համար, յատկապէս՝ իր գլխաւորած կազմակերպիչ յանձնախումբի կազմին, որ ջանք չէր խնայած արժանավայելօրէն կազմակերպելու հայապահպանման կարեւոր կեդրոններէն ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղի 15րդ տարեդարձը. ան, ներկաներու բուռն ծափահարութիւններով, մէկ առ մէկ ներկայացուց եւ յայտարարեց կազմի անդամներուն անունները՝ Վիգէն Սարխանեան, Սիրուն Պետիրեան, Հուրի Տարագճեան, Մարիա Տէմիրճեան, Արշօ Մահսէրէճեան, Ազնիւ Գասամանեան եւ Աննա Գապատեան:
Շրջ. վարչութեան պատգամը փոխանցեց փոխատենապետ Փիեռ Մանուկեանը, որ առաջին հերթին շնորհաւորելով մասնաճիւղի տարեդարձը՝ բարձր գնահատեց տասնհինգ տարիներու տքնաջան աշխատանքը, որ սկիզբ առած էր խումբ մը ՀՄԸՄականներու եւ համակիրներու կողմէ. «15 վարչութեան կազմեր, յանձնախումբեր եւ ՀՄԸՄասէրներ, հաւատալով ՀՄԸՄի առաքելութեան՝ մեծ թափով աշխատանքի լծուեցան եւ կրցան պահպանել այս մասնաճիւղը, որուն խօսուն փաստը այսօրուան բազմամարդ այս ձեռնարկն է, յատկապէս քոյր-մասնաճիւղերու մասնակցութեամբ», շեշտեց Մանուկեան եւ ուրախութիւն յայտնեց անոր համար, որ «Արցախ»ը ոչ միայն կրցած էր կանգուն մնալ, այլեւ համագործակցելով իր քոյր-մասնաճիւղերուն հետ՝ կրցած էր շահիլ անոնց համակրանքը:
Ապա ան հրաւիրեց ներկաները միասնական կենաց մը խմելու «Արցախ» մասնաճիւղի 15ամեակին առիթով, այնուհետեւ Շրջ. վարչութեան անունով շնորհաւորական յուշատախտակ մը յանձնեց մասնաճիւղի ատենապետ Էյպ Գասամանեանի, առ ի գնահատանք մասնաճիւղի 15 տարիներու բեղուն գործունէութեան եւ անդամ-անդամուհիներու անխոնջ եւ անսակարկ նուիրումին:
Գնահատագիրի ստանձնումէն ետք, Գասամանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջ. վարչութեան, ներկաներուն, ձեռնարկի կազմակերպիչ յանձնախումբին եւ մանաւանդ շրջանի քոյր-կազմակերպութիւններուն, որոնց զօրակցութեամբ եւ համագործակցութեամբ ոչ միայն կանգուն կը մնայ ՀՄԸՄի սոյն մասնաճիւղը, այլ նաեւ կը հզօրանայ Լաս Վեկասի հայկական գաղութը: Ան կոչ ըրաւ ներկաներուն վստահելու իրենց զաւակները ՀՄԸՄին, որ անկասկած մաքուր շրջապատ եւ հայեցի դաստիարակութիւն կ՛ապահովէ անոնց:
Պաշտօնական յայտագիրի աւարտին, երեկոն խանդավառեցին սիրուած երգիչ Անթուան Պէզճեանը եւ «Քնար» նուագախումբը: Հրամցուած հայկական եւ միջազգային երգերով եւ մանաւանդ պարեղանակներով առաւել շիկացաւ արդէն իսկ ուրախ մթնոլորտը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր: Յատկապէս տպաւորիչ էր երգիչին հրամցուցած ազգային-յեղափոխական երգերու փունջը, որ համախմբեց ներկայ երիտասարդութիւնը եւ մեծապէս ոգեւորեց ներկաները:
Ստեղծուած ուրախ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ տեղի ունեցան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ:
Վաղ առաւօտեան, ձեռնարկի մասնակիցները գոհունակութեամբ մեկնեցան տուն, ՀՄԸՄի «Արցախ» մասնաճիւղին զօրակցելու հաստատակամութեամբ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.