ՊՕՂՈՍ ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ

Ժողովրդային ասացուածք մը կայ, որ կ՛ըսէ՝ «սիրուած մեռելները միշտ ողջ են»:
Սիրելիներ, սիրտի խօսքս, որ պիտի ընեմ, նախ մարդկային է, ապա ընկերային, մեզմէ առհաւէտ բաժնուած Յարութիւն Պաղտատլեանի մասին:
Խօսքս, երեւակայական կամ պատահական չէ, որ պիտի ընեմ անձի մը մասին, այլ ճշմարիտ վկայութիւն մը, որ իրապէս կրնամ ըսել, որ ան սիրուած էր, թէ՛ իր հարազատներուն եւ թէ իր շրջապատի ընկերներուն կողմէ…
Ան շատ կը լսէր, բայց քիչ կը խօսէր, եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ իր կեանքին վերջը…
Ճշմարիտ հայր մըն էր եւ ամուսին հանդէպ իր ընտանիքին անդամներուն, որ չէր զլացած զաւակներուն հոգատարութիւնը՝ հայեցի դաստիարակութիւնը…
Եզակի անձնաւորութիւն մըն էր Յարութը, ինչպէս որ ըսինք՝ շատ կը լսէր, բայց քիչ կը խօսէր… Իսկ երբ պարտն ու պատշաճը պահանջուէր իրմէ, կը խօսէր համբերութեամբ եւ լրջութեամբ:
Մանկութիւնս եւ պատանեկութիւնս անցուցած եմ իր եւ եղբօր Կարոյին հետ, ուր մեր զուարճալի, պտոյտի ժամերը կանցնէինք Տիգրիս գետի վրայ մակոյկով եւ կամ «պիլեարտ»ի խաղով, որմէ ետք Տիգրիս գետի աւազներուն վրայ կը ճաշակէինք համով հոտով «մեսկուֆ»ը (ձուկի խորովածը)…
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենային ընկերական գեղեցիկ մթնոլորտի մէջ:
Յարութին եւ եղբօրը՝ Կարոյին, բաժանուիլը մեզմէ, ոչ թէ միայն ֆիզիքական էր, այլ հոգեկան վիշտ պատճառող հանգամանք էր…
Ամենայն հայոց մեծ բանաստեղծ՝ Յովհաննէս Թումանեան, երբ Սիմոն Զաւարեանի դագաղին առջեւ կանգնած այսպէս ըսաւ՝ «Այսպէս է, ով ուզում է լոյս տայ, պէտք է, որ էռուի»… եւ այդպէս ալ վառուեցաւ Յարութը լոյս տալով ընտանիքին անդամներուն եւ շրջապատի ընկերներուն…
Հոս մարդ արարածի մահուան մասին հարց կը ծագի մարդկային միտքին մէջ, թէ մարդը մեռաւ եւ յետոյ ո՞ւր… Այս մասին կը պատասխանէ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսը, որ կ՛ըսէ. «Մարդ մէկ անգամ կը ծնի եւ մէկ անգամ կը մեռնի, եւ յետոյ դատաստան»…
Հետեւաբար, մարդկային հանճարը անճարակ է, Աստուծոյ ստեղծագործութեան գաղտնիքները գիտնալու եւ այդ գաղտնիքները լուծեց եւ բացատրեց մեր Տէր Յիսոուս Քրիստոսը, որ իր յարութիւնովը յաղթեց մահուան…
Վերջապէս, Յարութը չի մեռնիր, այնքան ատեն, երբ իր շիրիմը այցելող ունի…
Վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան յիշատակի մասին այնքան դիպուկ եւ յուզիչ տողեր գրած է իր «Իմ Մահը» բանաստեղծութեան մէջ, որ կ՛ըսէ՝«Եթէ զարդարեն հողակոյտն իմ, եւ հեծեծամբ ու սգալէն իմ սիրելիքը բաժնուին, գիտցէք, որ ես միշտ կենդանի եմ, իսկ աննշան եթէ մնայ, երկրի մէկ անկիւնը հողակոյտն իմ, եւ յիշատակս ալ թառամի, Ահ, այն ատեն ես կը մեռնիմ:
Նոյնպէս ալ, Յարութը չի մեռնիր, այնքան ատեն, որ իր շիրիմը այցելող ունի…
Վերջապէս բոլորս միաբերան կÿըսենք՝ հողը թեթեւ գայ վրադ սիրելի Յարութ, վարձքդ կատար: