ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ին յայտարարութիւն մը հրապարակած են՝ նախորդող երկու օրերուն ընթացքին Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ իրենց ունեցած անջատ հանդիպումներուն մասին, շեշտելով անմիջապէս բանակցութեանց վերադառնալու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ Արցախի տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծել:
Նշեալ հանդիպումներուն ընթացքին Մինսկի խմբակի համանախագահները մտահոգութիւն յայտնած են վերջին ամիսներուն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ շօշափելի յառաջընթացի բացակայութեան կապակցութեամբ: Համանախագահները նախարարներուն հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին քննարկած են տարածաշրջանային վերջին զարգացումները:
Նշենք, որ ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Ռապըրթ Պրատթքի (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք Սեպտեմբեր 26ին հանդիպած են Նալբանդեանի, իսկ Սեպտեմբեր 27ին՝ Մամետեարովի հետ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.