
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Հոկտեմբեր 28ին կայանալիք Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկին ընթացքին, «Խրիմեան Հայրիկ» մրցանակով պիտի մեծարէ վեր. Յովսէփ Մաթոսեանը:
Ինչպէս անունը կը թելադրէ, սոյն մրցանակը կը շնորհուի արդարութեան, ճշմարտութեան եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան համար աշխատանք տարած անձնաւորութիւններու:
«Պատիւ մըն է ինծի, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը փափաքի այսպէս արժեւորել իմ սպասարկութիւններս: Վստահ եմ, որ մեր համայնքին աւելի լաւ ու արդար կեանք մը ապահովելու մեր միացեալ ջանքերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին», կը յայտնէ վեր. Մաթոսեան:
Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան աւելի քան չորս տասնամեակ սպասարկած է հայ համայնքին, իր եկեղեցւոյ միջոցաւ: Ան հիմնադիր անդամներէն մէկը եղած է Փասատինայի Ս. Գիրքի հայկական եղբայրութեան եկեղեցւոյ, իսկ 1994էն 2004 եղած է Տաունիի «Էմանուէլ» Հայ ժողովական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը:
2004ին ընտրուած է հոգեւոր հովիւ՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան, իսկ 2008ին վերընտրուած է այդ պաշտօնին:
Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան նաեւ հիմնադիր հոգաբարձութեանց անդամ եղած է Հայկական Ս. Գիրք վարժարանին, Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնէական վարժարանին եւ Հայկական Աւետարանի առաքելութեան: Ան նաեւ անդամ է Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Հայաստան» հիմնադրամի վարչութեան:
«Խրիմեան Հայրիկի անուան մրցանակը հայութեան հոգեւոր կարիքներուն տրամադրուող օրինակելի ծառայութիւնները արժեւորելու միջոց մըն է: Վեր. Յովսէփ Մաթոսեան մարմնաւորումն է նման սպասարկութեանց եւ նուիրումի: Ուրախ ենք, որ առիթը ունինք նման արժանի անձ մը պատուելու», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի համաատենապետ Նորա Յովսէփեան:
Հայ Դատի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Պեվըրլի Հիլզի «Պեվըրլի Հիլթըն» պանդոկին մէջ, Կիրակի, Հոկտեմբեր 28ին: Տեղեր ապահովելու համար, այցելել ancawr.org/banquet կայքէջը կամ դիմել (818) 533-8587 թիւին: