
ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար համամիտ չէ Ղարաբաղի վերաբերեալ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարարի բացասական գնահատականներուն:
Մեկնաբանելով ատրպէյճանցի շարք մը պաշտօնատարներու խօսքերը, ըստ որոնց՝ բանակցային գործընթացը հասած է փակուղի՝ Մորնինկսթար Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 28ին յայտնած է, թէ պէտք չէ յանձնուիլ, քանի որ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման համար միայն խաղաղ ճանապարհ գոյութիւն ունի:
Դեսպանը յիշեցուցած է, որ բանակցային գործընթացին մէջ անմիջականօրէն ներգրաւուած է ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ամերիկացի համանախագահը: Ան նշած է, թէ բանակցութեանց մէջ յառաջընթացի հասնելու համար, ինք պիտի համագործակցի համանախագահներուն եւ ատրպէյճանական կողմին հետ:
Ատրպէյճանի արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմով Հինգշաբթի օր յայտնած էր, թէ մամուլին մէջ յաճախ կը տեսնէ «բանակցութիւններ» բառը՝ կապուած ղարաբաղեան հակամարտութեան հետ, «բայց բանակցութիւններու մասին շատոնց խօսք չկայ արդէն», ընդգծած էր ան: